ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

OrtakoyՕրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորդին անդամները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի եւ երէց՝ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի, 21 Մայիս 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին թէ 27 Յունիս 2015, Շաբաթ, համալսարանի աշակերտներու հետ Օրթագիւղի մէջ մէկտեղում մը պիտի կատարուէր։ Ծրագրի մասին տեղեկութիւն փոխանցելով, Նորին Սրբազնութիւնը սոյն հանդիպման հրաւիրեցին։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այս այցելութեան համար։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց գործունէութեանց մէջ։