ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

ortakoyՕրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորդին անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանի եւ Թարգմանչաց Վարժարանի հիմնադիր Հայկ Ասլանեանի , 08 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալով, եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հետ առընչուած առկայ նիւթերու մասին զրուցել Նորին Սրբազնութեան հետ։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այս այցելութեան համար։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց գործունէութեանց մէջ։