ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ

Kategori: Համայնքային

ortakoyՕրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ՝ Խաչիկ Կէօքչէօղլու եւ Մելքոն Սահակօղլու, Թարգմանչաց Վարժարանէն՝ Ժէրմէն Քանթարճըօղլու, Մարալ Տէյիրմէնճիօղլու եւ Տիրուհի Պէրրինէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնը, 27 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին մեծարել թաղի Թարգմանչաց Վարժարանի վաստակաշատ տնօրէնուհի՝ Մարի Նալճըն, որ այս տարի հանգստեան պիտի կոչուի։ Անոնք, ըսին թէ, նախ քան տնօրէնութեան պաշտօնի հերթափոխութիւնը, այս հանդիսութեամբ, կրթական մշակի մը 45 տարուան ծառայութիւնը յիշելու եւ գնահատելու լաւագոյն առիթը պիտի ծնէր։ Անոնք, խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը սոյն հանդիսութեան համար եւ փափաք յայտնեցին որ Նորին Սրբազնութիւնը նախագահէ սոյն հանդիսութեան։ Մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի պիտի 3 Յունիս 2013, Շիշլիի Քէնթ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց նման հանդիսութեան մը կազմակերպման առթիւ։ Ինք, վստահ էր թէ Մարի Նալճըի բազմամեայ ծառայութիւնը լաւագոյնս պիտի ներկայացուէր սոյն հանդիսութեամբ եւ այս մէկը օրինակ պիտի հանդիսանար ներկայ սերունդի կրթական նոր մշակներուն։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց մեծարանքի հանդիսութեան կազմակերպիչներուն։