ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

13227756_578478915645329_9007505121666420492_oՖաթիհի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր, 16 Մայիս 2016, Երկուշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ քաղաքապետը հիւրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։ Տեսակցութեան ընթացքին, կարգ մը կարեւոր նիւթերու շուրջ գաղափարի փոխանակում եղաւ։