ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

ferikoyՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ երէց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 22 Հոկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 3 Նոյեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ, ապա եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ցաւ յայտնեց որ ինք արտասահման պիտի գտնուէր մատաղօրհնութեան օրը եւ կատարելի հանդիսութեանց պիտի չկարենար մասնակցիլ։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։