ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12109763_502388079921080_3321649335220443_oՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, 19 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 25 Հոկտեմբեր 2015, Կիրակի առաւօտ, ապա եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Արամ Արքեպս., կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։