ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

161Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Յուլիս 2005 Չորեքշաբթի,ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունեց 25հոգինոց Ֆրանսացի կաթոլիկ ուխտաւորներու խումբ մը՝ ԿաթոլիկԵկեղեցւոյ Կափ թեմէն։ Խումբը դէպի Նոր Ուխտի սրբավայրերուկազմակերպուած ուխտագնացութեան նպատակով կ՚այցելէրԹուրքիա եւ եկած էր Պատրիարք Հօր օրհնութիւններն ստանալու։

Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեանց, վարդապետութեան,Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Հայ համայնքի մասին շուրջ մէկժամուան զրոյցէ ետք ուխտաւորները բաժնուեցանՊատրիարքարանէն։ Անոնք, ապա փափաքեցան ներկայ գտնուիլ նաեւչորս տիրացուներու կոչման արարողութեան, որ շատ հետաքրքրականթուեցաւ իրենց համար եւ յետոյ իրենց լեզուով աղօթեցին Ս.Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նորընծաներուհամար։