ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 19 Ապրիլ 2017, ժամը 16.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը՝ Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայի, որուն կ’ընկերանար դիւանապետը՝ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
Խախամապետը եկած էր շնորհաւորելու համայնքիս Ս. Յարութեան Տօնը։ Հիւրերը մեկնեցան մօտ կէս ժամուան սիրալիր հանդիպումէ մը ետք։