ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆԻ» ՄԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆԻ» ՄԸ

ԱՔ Կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ երէկ՝ 30 Մարտ 2018, Աւ. Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 19.30-ին Կայրէթթէփէյի  «Փօինթ Օթէլ»ի մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան մը։ Սոյն սեղանին հրաւիրուած էին Շիշլիի մէջ գտնուող փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւս ներկայ գտնուեցաւ սոյն Սիրոյ Սեղանին։ Մեկտեղման նպատակն էր Ս. Զատկի նախօրեակին հաւաքուիլ Պահքի սեղաններու շուրջ։

Ներկաներուն մէջն էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպ. Զէքիեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի Միւֆթի Մուսթաֆա Պիլկիչ, Ստանպուլի երեսփոխաններ՝ Ահմէտ Համտի Չամլը եւ Մարգար Էսաեան, Պէյօղլուի Քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան, Տէր եւ Տիկին Հիւսէյին Հաթէմի, Հայ, Յոյն, Հրեայ եւ Ասորի համայնքներու վաքըֆներու եւ զանազան հաստատութեանց ներկայացուցիչներ, որոնք հաւաքուեցան խնամեալ պահքի սեղաններու շուրջ։

Բացման խօսքը արտասանեց ԱՔ Կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի Ատենապետ Էօմէր Ֆուաթ Կիւնտայ, որ եղբայրութեան, իրարհասկացողութեան ու միասնականութեան վրայ։

Ապա, կարգով բեմ հրաւիրուեցան պատուոյ հիւրերը, որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Գրեթէ բոլորն ալ ծանրացան զիրար սիրելու գաղափարին վրայ ու շեշտեցին միասնութեան ոգի դրսեւորելու կարեւորութիւնը։

BAHKI SEGHAN 2

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան եւս ընդգծեց, թէ կատարեալ ըլլալու ճամբան կ’անցնէր զԱստուած սիրելու եւ իր բարեկամը սիրելու հրամայականէն։ Յաւարտ Սիրոյ Սեղանին ներկաներ միասնաբար նկարուեցան։