ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 1 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 162րդ եւ վերակազմութեան 37րդ տարեդարձները նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Սոյն տօնակատարութիւնը այս տարի յատկապէս ձօնուած էր՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր յիշատակին։

Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղաւ՝ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝  Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Կարպիս Սրկ. Չիչէք, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Բրշ. Ալէն Սրկ. Ներկիզ, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Բրշ. Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու եւ քոյր դպրաց դասերու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սիրուն Սիրունեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Տեղապահ Սրբազանը եւ յատկապէս անդրադարձաւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու առաքելութեան, դպրաց դասերու կարեւորութեան ու մասնաւորապէս յիշատակեց Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը, քանի որ 37 տարիներ առաջ Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը երիտասարդներն ու պատանիները հաւաքելով, ծնունդ տուած էր նոր շարժումը մը։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Այդ շարժումի շնորհիւ եկեղեցւոյ մէջ դպրաց դասու հասկացողութիւնը վերիմաստաւորուած էր եւ վերակազմազմուած էր Ներսէսեան Դպրաց Դասը։ Մեսրոպ Պատրիարք Դպրաց Դասու Ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը տուած էր այդ շրջանին՝ Շահան Մաշալեանին, այսինքն ինծի։ Ես այդ շրջանին հայերէն իսկ չէի գիտեր, բայց Պատրիարք Սրբազանը երիտասարդներուն վստահելով, սորվեցուց հայերէնը, եկեղեցական աւանդութիւնները, ծէսերը եւ կերտեց նոր դպրաց դաս մը։ Հոսկէ ծնունդ առին բազմաթիւ հոգեւոր սպասաւորներ, դպիրներ ու սարկաւագներ»։ Սրբազան Հայրը, ապա խօսեցաւ Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետի մասին, նշելով որ Հայր Սուրբը աւելի քան տասը տարիներ պահեց Պատրիարք Հօր աւանդութիւնը, Գնալը Կղզիի վրայ։ Իր խօսքերու աւարտին յիշեց ներկայ շրջանը եւ ըսաւ. «Դասուն դեկը հիմայ փոխանցուած է Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Յարութիւն Աբեղային։ Հայր Սուրբը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի հովիով թրծուած՝ կը շարունակէ իր սրբազան ծառայութիւնը։ Հակառակ որ երիտասարդ տարիք ունի, ան, եկեղեցւոյ շուրջ կը համախմբէ երիտասարդները, պատանիները, ընտանիքները, մանուկներն ու երէցները եւ այդ ճամբով կ՚ապրեցնէ Պատրիարքի թողած հոգեւոր ու մշակութային աւանդը»։

Ս. Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու հովանաւոր հոգեւոր առաջնորդներու, դպրապետներու եւ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ, Տեղապահ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատան դիմացի ամփիթաիրոնը, ուր միասնաբար երգուեցաւ «Նախ Խնդրեցէք» հոգեւոր երգը, որ նոյնացած է Մեսրոպ Պատրիարքի հետ։

Կրօնական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Հանդիսութեան եւս նախագահեց՝ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետը, Յարութիւն Աբեղան, Գրիգոր Աւ. Քահանան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը, վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի եւ Կազդուրման Կայանի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արի Չօլաքի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տնօրէն Խորհուրդի ատենապետ՝ Մեղանոյշ Չընար։ Ապա, Դպրապետ Արթուն Սարկաւագը ներկայացուց Դպրաց Դասու գործունէութեան երկարաշունչ տեղեկագիրը։ Ապա, գործադրուեցաւ մշակութային յայտագիրը։ Եկեղեցւոյ ամենէն փոքրիկ աշակերտներէն Մեսրոպեան Երգչախումբի ամդամները հանդէս եկան երգերով։ Ապա, Տէրըն Տէմիր բանաստեղծութիւն արտասանեց։ Դպրաց Դասու երիտասարդ անդամներէն Մարալ Էօզպայսալ մեներգեց ընկերակցութեամբ Նորա Իփէքճիի։ Ալիք Աթաօղլու եւ Նոր Իփիքճի միասնաբար նուագեցին երգեհոնով ու կիթարով։ Ապա, անոյշ ձայնով հանդէս եկաւ Երազ Չաղլայեան։ Յանուն եկեղեցւոյ բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն արտայայտուեցաւ Նարեկ Քազիքօղլու։ Ան, յայտնեց որ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ ըլլալով մեծապէս ոգեւորուած էր։ Այս առիթով Նախագահ Հայր Սուրբի առաջնորդութեամբ, բոլոր մեծերուն շնորհակալութիւն յայտնեց։

Լեւոն Շատեան եւս ելոյթ ունենալով գոհունակութեամբ ընդգծեց որ ամառուայ եղանակին բեղուն գործունէութիւն մը կար եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր, Թաթուլ ու Յարութիւն հայրսուրբերուն։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ սարկաւագաց դասու բոլոր անդամներուն, Նարեկ Քազիքօղլուին, Թաթիանա Շահինի եւ բոլոր նուիրեալներուն։

Հանդիսութեան աւարտին մօտ, Սրտի խօսքերով նախ հանդէս եկաւ Յարութիւն Աբեղան։ Հայր Սուրբը ըսաւ թէ՝ տասը տարիէ ի վեր Ներսէսեան Դպրաց Դասու տարեկան հաւաքոյթներու ընթացքին ապաքինման աղօթքներ կը հնչէին Մեսրոպ Պատրիարքի համար, բայց այս տարի ապաքինման աղօթքները կը փոխուէր հոգիի խաղաղութեան համար եղած աղօթքներուն։ Հայր Սուրբը նշեց որ Մեսրոպ Պատրիարք նոր շունչ մը տուած էր Իշխանաց Կղզիներուն եւ այս շրունչով մատուցուած ծառայութեամբ ժողովուրդը մօտեցած էր եկեղեցիին։ Այդ շունչը ապա, ալիք ալիք տարածուած էր Պոլսոյ տարբեր թաղերուն։ Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Երանաշորհ Պատրիարքի աշխատութիւնը յաջողած է։ Ան թէեւ մեզմէ կը հեռանայ մարմնապէս, բայց՝ իր բոլոր աշակերտները պիտի շարունակեն այդ բարոյական ներկայութիւնը ապրեցնել։ Օրինակով մը խօսիլ կ՚ուզեմ. Պատրիարք Սրբազան Հօր առաքելութեան ամենէն անդրանիկ աշակերտներէն է Տեղապահ Սահակ Սրբազան Հայրը։ Պատրիարք Հօր ցուցմունքներով կերտուած, ծառայութեան պատրաստ եկեղեցականի եւ մասնաւորապէս տեսուչի տիպարը, արդէն իսկ բաստն է թէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր ապագայատեսիլ ծրագիրը յաջողած է Սրբազան Հօր»։  Այս առթիւ Տեղապահ Սրբազան Հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Հայր Սուրբը, ապա յիշեց Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետը եւ ըսաւ որ ան եւս իր ծառայութեան շրջանին, որպէս Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռնասուններէն մին, ջանացած էր նոյն ոգիով շարունակել հոգեւոր գործունէութեան։ Մաղթեց որ Աստուած արեւշատ օրեր պարգեւէ իր երէց հոգեւոր եղբօր եւ իր ծառայութեան  մէջէն փառաւորուի նախ անունը Աստուծոյ, ապա՝ գովուի վարձքը հոգեւոր ծնողին։ Այս առթիւ, Հայր Սուրին եւս յուշանուէր մը յանձնուեցաւ։

Իր խօսքերու աւարտին, Հայր Սուրբը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ընտանիքներուն, որոնց ներկայութեամբ եւ միասնական ոգիով բոլոր աշխատութիւնները յաջողած էին։ Որդիական ակնածանօք յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր, քանի իր հայրական հոգածութեամբ, ցուցմունքներով եւ մասնաւորապէս ներկայութեամբ, զգալի կը դարձնէր Պատրիարքական Աթոռոյ հետաքրքրութիւնը Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր եւ մշակութային կեանքէն ներս։

Ապա, խօսք առաւ Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ ու նշեց որ յիշարժան օր մը կ՚ապրէր Գնալը Կղզիին մէջ։ Ի միջի այլոց Հայր Սուրբը ըսաւ. «Երբ Մեսրոպ Պատրիարք զիս պաշտօնի կը կոչէր Գնալը Կղզիին մէջ, ինծի ըսաւ որ «դուն իմ ձեռքս եւ աչքս պիտի ըլլաս»։ Ես այդ շրջանին չէի հասկցած թէ ի՞նչ կը նշանակէին այդ խօսքերը։ Բայց, երբ կը ծառայէի, կամաց կամաց  հասկցայ այդ պատգամին իմաստը։ Այդպէս քօղարկուած էր բարձր պատնէշի վրայ հասած եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ աւանդութիւններու պահպանութիւնն ու փոխանցումը։ Ես ուրախ եմ որ այդ շրջանին իմ կարողութեան սահմաններով հաւատարիմ մնացի այդ պատուիրանին։ Իսկ, հիմայ ուրախ եմ որ ինծի կը յաջորդէ նոյն եկեղեցիէն հասած Յարութիւն Հայր Սուրբը, որ նոյն բծախնդրութեամբ կը շարունակէ ծառայել։ Ուրեմն իմ աչքս ալ ետեւ չմնաց ու նուիրեալ ուրիշ հոգեւորական մը կը շարունակէ այս կղզիին վրայ հոգեւոր առաքելութիւն իրականացնել»։

Հուսկ բանքը արտասանեց Սրբազան Հայրը, որ գնահատեց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ու դպրաց դասու գործակցութիւնը։ Նշեց որ անձերէ աւելի պէտք է գնահատուէր գործակցութեան ոգին ու միասնականութիւնը։ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Գնալը Կղզին բախտաւոր է քանի որ ամրան ընթացքին տարբեր թաղերէ շատ մը սպասաւորներ եկեղեցի գալու կարելիութիւնը կ՚ունենան, բայց կար ուրիշ բախտաւորութիւն մը եւս, քանի որ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած զանազան աշխատութիւններով՝ մանուկներ ու պատանիներ իրենց ներդրումը կ՚ունենան ու կ՚ապահովուի եկեղեցւոյ գոյատեւումը։ Աստուած ձեր մէջը ծնունդ առած սէրն ու խաղաղութիւնը, անպակաս ընէ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ միշտ վայելէք Ներսէսեան Դպրաց Դասէ աւանդուած օրհնութիւնը»։

toplu

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։