1600ԱՄԵԱԿԻ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Այս տարեշրջանին՝ ծրագրուած է յատուկ հանդիսութիւններով յիշատակել Տառերու Գիւտը, զոր 1600 տարի առաջ իրագործած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ եւ տօնական տրամադրութեամբ անդրադառնալ այդ մեծ Գիւտին կենսատու կարեւորութեան։

Ինչպէս որ մամուլը արձագանգեց, համանախագահութեամբ Պոլսահայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական կեդրոններու լիազօր ներկայացուցիչներուն, սկսած է գործել Կարգադիր Յանձնախումբ մը։ Կը սիրենք յուսալ թէ մեր համայնքային մարմինները՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, սանուց միութիւններ, դպրաց դասեր, ակումբներ, դրական մրցակցութեան բարի ոգիով պիտի փափաքին պատշաճ հանդիսութիւններ սարքել ու իրենց երախտագիտական զգացումները արտայայտել Ս. Մեսրոպ Վարդապետին, իրեն գաղափարակից Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին եւ Վռամշապուհ Արքային, մեծարելով Անոնց լուսաւոր յիշատակը:

Ուստի՝ կը խնդրուի Յանձնախումբիս տեղեկացնել 1600ամեակի առթիւ նախատեսուած բոլոր ծրագիրները:

ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ 1600ԱՄԵԱԿԻ

Հաղորդակցութեան հեռաձայն՝ 212-234 0838 կամ 0532-261 3697