ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

samatya madag (2)

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնա Համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։ Եսայի Տէմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց` Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղան նաեւ՝ Արժ. Տ. Տ. Անդրէաս Աւ., Զաքար եւ Շիրվան Քահանայ Հայրերը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Եկեղեցւոյ բարեշնորհ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Սեւան Ակօշեանի առաջնորդութեամբ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները, ինչպէս նաեւ Երջանկայիշատակ Շահան Արքեպս. Սվաճեանը։ Պատրիարք Հայրը գնահատելով նաեւ եկեղեցւոյ դպիրներէն Բրկ. Պուրակ Դպ. Կէօչէրը ուրարակրութեան արտօնութիւն շնորհեց իրեն։

samatya madag (3)

  • samatya madag (1)
  • samatya madag (2)
  • samatya madag (4)
  • samatya madag (3)
  • samatya madag (5)