ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական

Ahtamar karozՔԱՐՈԶ
ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
7 Սեպտեմբեր 2014, Կիրակի

«Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս,
որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի.

սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ»։
(Շարական Ս. Խաչի)

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ բոլորիս շնորհեց այս տարի եւս այս պատմական տաճարին մէջ համախմբուելու առիթը։ Առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ, այս տարի եւս մեր աղօթքները կþառաքենք առ Աստուած, խնդրելով՝ առատանալ եւ լիանալ Աստուածային օրհնութիւններով։

Այս պատմական աղօթատեղին ընծայուած է Ս. Խաչի նշանին։ Ամէն անգամ որ կը կենանք Ս. Խաչի նշանին առջեւ, կը յիշենք Խաչեալը՝ Աստուծոյ Միածին Որդին։ Մարդոց նկատմամբ Հօր Աստուծոյ ցուցաբերած գերագոյն սիրոյ եւ զոհողութեան նշանն է Ս. Խաչը, որուն վրայ պատարագուեցաւ Աստուծոյ Անարատ Գառնուկը, ոռոգելով երկիրը Իր Սուրբ Արիւնով, որպէսզի մեղքին պատճառաւ անիծուած երկիրը կրկին կեանք ստանար եւ դարձեալ կոչուէր Աստուածահաճոյ պտղաբերութեան։ Ս. Աւետարանէն սորվեցանք եւ ի բոլոր սրտէ կը հաւատանք, թէ Գողգոթայի բարձունքին, Անմեղի մը Խաչի մահուան դատապարտուած ըլլալու ճշմարտութիւնը, ինչպէս կրցած էր փոխել մարդ մը, որ իր կեանքին ընթացքին աւազակութեամբ ապրած էր, կողոպտելով ուրիշները, նաեւ յաճախ խլելով անոնց Աստուածատուր կեանքերը։ Յիրաւի մահուան դատապարտուած մըն էր աւազակը, որ մահուան ճգնաժամային պահուն գիտակցելով իր գործած մեղքերու ծանրութեան, ապաւինած էր Քրիստոսի, որ տակաւին Իր հոգին չէր աւանդած Երկնաւոր Հօրը ձեռքերուն մէջ։ Սրբազան  շարականագիրին բառերով «Աշխարհի փրկութեան համար կանգնուած Ս. Խաչի զօրութիւնն էր» որ կը յայտնաբերուէր Գողգոթայի մահասփիւռ ու ծանրակշիռ մթնոլորտին մէջ, օրինակ հանդիսանալով աշխարհի բոլոր մեղաւոր մարդկութեան։

Խաչի Խորհուրդը Աստուածային ձգողական զօրութեամբ իրեն կը քաշէ մեղքի փոշիին մէջ կորսուած, մեղքի հողին տակ ծածկուած մարդը վերստին կեանքի կոչելու, վերստին կենսաւորելու պատգամով, խոստանալով Աստուածային ձրի պարգեւներով, շնորհներով օծուն անվախճան կեանք մը։  Խաչեալի թափած մաքուր արիւնը կը լուայ մեղքի աղտեղութիւնները, մեղքի արատները, մարդուն առջեւ բանալով  կեանքի մաքուր էջ մը։ Սիրել զԱստուած բոլորով սրտիւ, հաւատալ Աստուածային փրկագործ տնօրինութեան եւ յոյսով լեցուիլ Աստուածային բարութեան յաւիտենական յաղթանակին. երեք ապաւէններ, որոնց վրայ կը կերտուի մաքուր եւ Աստուածահաճոյ կեանք վարելու մեր պատրաստակամութիւնը։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար թանկագին արժէք մըն է Խաչափայտը։ Ի զուր չէ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ժամագրքին մէջ մեր աղօթքներուն մէջ կը կարդանք ըսելով. «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն Տէր Յիսուս»։ Եկեղեցւոյ հայրերը ամէն առիթով հաւատացեալներուն թելադրած են, որ կեանքի ալեկոծութեանց մէջէն խաղաղութեան նաւահանգիստը հասնելու համար ապաւինին Ս. Խաչի նշանին։ Եկեղեցւոյ հայրերու թելադրութեան ընդառաջելով, Ս. Խաչի ապաւինելու նախապայմանն է մեր կեանքերէն դուրս վանել անձնապաշտութիւնը եւ լսել Քրիստոսի խօսքը. «Ինծի եկէք դուք բոլոր յոգնածներդ եւ ծանրաբեռնուածներդ եւ ես պիտի հանգչեցնեմ ձեզ»։ Թէ մեր անձնական, թէ ընտանեկան, թէ համայնքային եւ թէ ընդարձակելով սահմանը՝ ընկերային կեանքէն ներս ապրուած անբաղձալի երեւոյթներուն արմատն է անձնապաշտութիւնը։ Այդ անձնապաշտութիւնն է, որ դուռ կը բանայ վիճաբանութեանց, կռիւներու, պատերազմներու, սովերու, մէկ խօսքով ընկերային եւ բարոյական անկումներու։ Նոյն անձնապաշտութիւնն է, որ առիթ կþընծայէ միայն ու միայն մեր անձը մտածելու, որով մեր կեանքերը յաճախ կը խճողենք հոգերով, նոյնիսկ երբեմն՝ մեր կեանքերը անտանելի դարձնելու աստիճան։ Եթէ կþուզենք ձերբազատուիլ այդ վիճակէն, նախ եւ առաջ պէտք է յիշենք այն բոլոր պարտաւորութիւնները, որոնք քաղցր լուծեր են բոլորիս համար։ Պէտք է յիշենք, թէ մեր մատնուած այս ցաւառիթ կեանքի վիճակին պիտի յաղթենք միայն ու միայն աղօթքով եւ համբերութեամբ։

Համբերատարութեան գերագոյն օրինակն է խաչեալ Քրիստոսը, որ ոչ միայն զինք շրջապատող ատելութեան հոսանքներուն համբերեց, այլ նաեւ՝ չարչարանքներու եւ ի վերջոյ՝ խաչի մահուան։ Նեղութեան այդ օրերուն պէտք է յիշենք, թէ մեր հաւատաւոր կեցուածքը, Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը պիտի յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքը.  «Որքա՜ն անձուկ է դուռը եւ նեղ ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի» (Մատթէոս 7.14)։ Հաւատքէ պարպուած սրտերու համար իմաստ մը չի ներկայացներ Քրիստոսի խօսքը, սակայն հաւատացեալ սրտերու համար խոր նշանակութիւն ունի, քանի որ կը յիշեցնէ Ս. Յարութեան սքանչելի լոյսը։ Ս. Խաչով բացուած ճանապարհին մէջ կը վայելենք կեանքի ծառին պտղաբերութիւնը։ Կը շնորհազարդուինք, կը պայծառակերպուինք եւ կը մխիթարուինք եւ մանաւանդ կը յուսադրուինք, լսելով՝ յաւիտենական կեանքի երջանկութեան խոստումը։

Բոլորս ուխտաւորներ ենք։ Այս պատմական Ս. Տաճարին մէջ, առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ եկէ՜ք միասնաբար աղօթենք, որպէսզի բարձրեալն Աստուած մեզի եւ ամբողջ աշխարհը Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող սքանչելի լոյսով լուսաւորէ։ Աշխարհը փոխուի եւ պայծառակերպուի։ Պատերազմները՝ խաղաղութեան, խաւարը՝ լուսաւորութեան թո՛ղ վերածուի։ Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ։ Սուրբ Խաչի պահպանող զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։ Փրկագործ Ս. Նշանին առջեւ աղօթենք ըսելով. «Փառք Սուրբ Խաչի Ալելուիա։ Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմել յամենայն փորձութենէ»։

Նուիրական այս պահուն կ՚աղօթենք Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։ Տէր Աստուած փարատէ իր ցաւերը եւ բժշկութիւն պարգեւէ մեր Հոգեւոր Պետին։

Թող Ամենաբարին Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ իր երկնաձիր շնորհներն ու հոգեւոր պարգեւները առատացնէ բոլոր մարդկութեան վրայ, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան։ Թող Աստուած օրհնէ այն բոլոր ջանքերը, որոնք կը ձգտին եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօր համակեցութեան։ Ամենակալն Աստուած, թող կարողութիւն պարգեւէ տեղական պետական աւագանիին, գլխաւորութեամբ Վանի Կուսակալութեան, շրջանի ապահովութեան տնօրէնութեանց եւ քաղաքապետութեանց ու իրենց անձնակազմերուն։

Տէր Աստուած ընդունի մեր ուխտը, իր շնորհներով նորոգէ եւ զօրացնէ բոլորս եւ արժանացնէ յաղթական եկեղեցւոյ սուրբերուն հետ միասնաբար փառաւորելու անունը Ամենասուրբ Երորդութեան, որ միշտ օրհնեալ է այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս  յաւիտենից, Ամէն։

  • ahtamar badarak (3)
  • ahtamar badarak (2)
  • ahtamar badarak (1)
  • ahtamar badarak (13)
  • ahtamar badarak (6)
  • ahtamar badarak (4)
  • ahtamar badarak (8)
  • ahtamar badarak (7)
  • ahtamar badarak (5)
  • ahtamar badarak (12)
  • ahtamar badarak (11)
  • ahtamar badarak (9)
  • ahtamar badarak (10)