WARTSBURG ՔՕԼԷՃԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Kategori: Աշխարհական

WatsburgԱ.Մ.Ն-է քաղաքս ժամանած Wartsburg Երգչախումբը, 19 Մայիս 2014, Երկուշաբթի, ժամը 20.00-ին համերգ մը սարքեց Գումգաբուի Որդւոց Որոտմանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Համերգին հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

Բացման խօսքը արտասանեց Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու բարի գալուստ մաղթեց երգչախումբի վարիչին եւ անդամներուն, որոնք երկար ճամբորդութենէ մը յետոյ ժամանած էին Ստանպուլ։ Անոնց, շնորհակալութիւն յայտնեց ու կարողութիւն մաղթեց։

Աւելի յետոյ, վարիչ Տքթ. Լի Նէլսօնի գլխաւորութեամբ, բեմ բարձրացան, երգչախումբի անդամները։ Վարիչ Նէլսօն, ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուաւ երգչախումբի մասին։ Խումբի անդամներուն բոլորը աշակերտներ էին, որոնք կ՚ուսանէին Wartsburg Քօլէճի մէջ։ Խումբը մօտաւորապէս ամիս մը շրջած էր զանազան քաղաքներ եւ սարքած էր համերգներ, որոնց վերջինն էր Ստանպուլինը։ Ապա, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ յայտագրի պարունակութեան մասին։

Յայտագրի տեւողութեան ընթացքին, երգախումբը ծափահարութիւնները խլեց ներկայ ունկնդիրներուն։ Հուսկ բանքը կատարեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ գնահատեց խումբի անդամները եւ վարիչին նուիրեց «Հայ Նկարիչներ» գիրքը։ Համերգի աւարտին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց խումբի վարիչին։ Երգչախումբի իւրքանչիւր անդամին նուիրուեցան նաեւ ծաղիկներ։