ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ 28 Հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, ժամը 16.00ին կայացաւ երկխօսութեան հանդիպում մը։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով կայացած հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ երկու կողմերու ներկայացուցիչները։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կողմերը ընդառաջած էին իրենց եղած հրաւէրին եւ ըրաւ իր հայրական թելադրութիւնները հարցին բարւոք լուծման համար։

Երկու կողմերը յետ կարծեաց փոխանակութեան յայտնեցին թէ սեղանի վրայ գոյացած գաղափարի փոխանակումները եւ եղած թելադրութիւնները պիտի հաղորդէին իրենց վարչական սեղաններուն, առ ի տեղեկութիւն այլ անդաններու եւ ի քննարկութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրենց եւ յայտնեց թէ կը փափաքէր որ հարցը լուծուէր սիրոյ եւ եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։