ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

getronagan (4)

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան և Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորած խնամակալութեան անդամները հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ս. Պատարագը մատոյց՝ Կեդրոնական Վարժարանի երբեմնի սան՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, իսկ ներկայ եղաւ՝ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք. Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Սեւան Ակօշեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորած ուսուցիչներ։ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

getronagan (6)Նախ քան Տէրունական աղօթքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Ներկաներ, աղօթքներուն ընդմէջէն մաղթեցին՝ Մայր Աթոռոյ հասատատութիւն եւ Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութիւն։

getronagan (5)Իսկ, Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց շեշտադրելով ընտանիք ըլլալու կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ ո՛չ միայն մեր համայնքը, այլ՝ աշխարհը փորձութեան օրերէն կ՚անցնի եւ այս առումով միայն ընտանեկան միասնականութիւնն է որ կայուն պիտի պահէ մեր հաստատութիւնները։ Կեդրոնականը այս միութեան խորհրդանիշներէն մին է եւ այս այսպատճառաւ պէտք է լաւ իմանալ այս հաստատութեան նշանակութիւնը։ Ան դարձած է Պոլսահայութեան տիտան հասատատութիւններէն մին եւ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել բարձր մնալով պատնէշի վրայ։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով շնորհաւորեց վարժարանի տեսչութիւնն ու ուսուցչաց կազմը, որոնք կը շարունակեն փորձել գիտութիւն ջամբել մեր զաւակներուն։ Գնահատեց նաեւ վարչայիններուն կամքը, որով վարժարանը այս դժուարին օրերուն կը մնայ կանգուն։

Պատրիարք Սրբազան Հօր քարոզէն ետք եկեղեցականաց թափորը ուղղուեցաւ դէպի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր՝ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրիմին, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

 

  • getronagan (8)
  • getronagan (6)
  • getronagan (5)
  • getronagan (3)
  • getronagan (7)
  • getronagan (4)
  • getronagan (2)
  • getronagan (1)