ԱԼԷՎԻ ՄՇԱԿՈՒԹԵԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Kategori: Աշխարհական

organ konusmaՊատրիարքական Ընդհուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 20 Դեկտեմբեր 2014, Շաբաթ, մասնակցեցաւ Ալէվի Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ, Պօսթանճըի Կըրին Հիւրանոցին մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ։ Միասնականութեան եւ Համակեցութեան այս երեկոյթին, շեշտուեցաւ  «Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման» գաղափարը։  Հանդիսութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը կարդաց ուղերձ մը, որով յայտնեց նման նուիրաբերումները քաջալերելու կարեւորութիւնը,  հիմնուելով մարդասիրութեան, օժանդակութեան եւ նուիրաբերութեան գաղափարներուն վրայ։

Սրբազան Հայրը, յիշեցուց Ս. Աւետարանի ուսուցումը, ի մասին Աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան ու ի միջի այլոց ըսաւ.«Երբ անձ մը մարդասիրական ոգիով ներքին գործարանները կը նուիրաբերէ, ցոյց տուած կ՚ըլլայ իր Աստուածսիրութիւնը եւ մարդասիրութիւնը։ Կեանքը մարդոց ընծայուած աստուածատուր պարգեւ մըն է եւ այս առումով կարեւորութիւն կը ստանայ գործարաններու նուիրաբերումը, որ հիւանդներու ապաքինման կը ծառայէ։

Կը քաջալերենք, գործարան նուիրաբերելու համար զանազան առիթներով եղած կոչերը։ Այս նուիրաբերումները յոյս կը ներշնչեն յուսահատութեան մատնուածներու։ Կը մաղթեմ որ «Գործարաններ հող չդառնան, այլ՝ ուրիշներու մարմիններուն մէջ կեանք գտնեն» նշանաբանը, առաջնորդ կը հանդիսանայ նուիրաբերման պատրաստ անձերու։ Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ եւ կը գնահատեմ սոյն հանդիսութեան կազմակերպիչներն ու օժանդակողները։ Տէրը վարձահատոյց ըլլայ բոլորին»։