ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական

Աղթամարի Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճարի լուսանկարներու ցուցահանդէսը բացուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։

 

23 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ստանպուլի Այա Իրինի Տաճար-Թանգարանին մէջ Հանրապետութեան Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Վարչութեան մշակած ՝՝Անատօլուի ծածուկ մնացած յուշարձանները լոյս աշխարհ կու գան՝՝ ծրագրին, որպէս առաջին միջոցառում, լուսանկարներու ցուցահանդէս մը սարքուած էր՝ ձօնուած Վանայ Լիճի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Տաճարի։

 

Նոյն ցուցահանդէսը, յիշեալ Վարչութեան կողմէ փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք։

 

Այս առթիւ, 2 Նոյեմբեր 2019, միջօրէին Նիւ Եորք մեկնեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

 

Նոյն առթիւ քաղաքէս հրաւիրուած էին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եսայի Տէմիր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մէսութ Էօզտէմիր, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եդուարդ Այվազ, Սուրբգրոց Ընկերութեան Թուրքիոյ Տնօրէն Թամար Քարասու, Լոյս հեռուստակայանէն Արամ Քուրան, Վաքըֆներու Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մօրիս Լէվի, Ասորի Կաթողիկէ համայնքէն Սաիթ Սուսին։

 

Խումբը, 3 Նոյեմբեր, Կիրակի առաւօտ Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր։ Յաւուր պատշաճի քարոզէն ետք, Նորին Սրբազնութիւնը նախագահեց նաեւ Հայրապետական Մաղթանքին։

AHTAMAR 3

4 Նոյեմբեր, Երկուշաբթի երեկոյեան, հրաւիրեալներ Նիւ Ճըրզիի մէջ մասնակցեցան պաշտօնական ընթրիքի։

 

Իսկ յաջորդ օր՝ 5 Նոյեմբեր, Երեքշաբթի, ժամը 19.30-ին տեղի ունեցաւ «Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճար» լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Նիւ Եորքի Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոս Ալփէր Աքթաշ, ԱՄՆ-ու Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Փրօֆ. Տքթ. Էլփիտոֆորոս Լամպրինատիս, արուեստագէտ Շահան Արծրունի եւ ծանօթ դէմքեր։

AHTAMAR 2

Շահան Արծրունի նոյն առթիւ սարքեց դաշնակի ունկնդրութիւն մը եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը։

 

Արտայայտուեցան նաեւ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, Պետրոս Շիրինօղլու, Մօրիս Լէվի եւ Սաիթ Սուսին։

AGHTAMAR 1

Նորին Սրբազնութիւնն ու հրաւիրեալներու խումբը 6 Նոյեմբերին վերադարձան եւ 7 Նոյեմբերի առաւօտուն հասան Ստանպուլ։