ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ ամէն տարի կազմակերպուող Ամանորի եւ Ս. Ծննդան աւանդական համերգը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի։ Սոյն համերգը կը միանար նաեւ Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութեանց։

Համերգը սկսաւ ժամը 20.30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Համերգի բացման խօսքը արտասանեց դպրաց դասու երիտասարդ անդամներէն՝ Լուսին Պաղճը, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յիշեցուց, թէ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 90-ամեակը տակաւին կը նշէ զանազան առիթներով։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդէսն ալ, կը միանար անցեալի յիշատակութիւններուն։

2020 AMANOR KONSER 2

Ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններով, երգչախումբի աւելի քան յիսուն անդամները բեմ բարձրացան եւ Խմբավար՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տօղանայի դաշնակի ընկերակցութեամբ մօտաւորապէս ժամ մը երգեցին տոհմիկ երգեր։ Երգչախումբի անդամներ բազմաձայն երգեցողութեամբ կարգաւ մեկնաբանեցին՝ «Երկնից Գետնից», «Երեւան Բաղ եմ Արել», «Արեւը Կայնէ Կեսօր», «Նազանք», «Իմ եղէք», «Տերիքօ եւ ճան Մարալ», «Լեպհո Լե Լե», «Օրոր», «Սպասում», «Հայաստան», «Արփա Սեւան», «Քեզ Համար», «Հայրենիքիս Հետ» երգերը։ Մեներգեցին՝ Մարիա Հազարեան Էրշէն, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու, Շանթ Չաքմաքճեան եւ Սերճան Կազերօղլուն, իսկ Դաշնակահար՝ Մելինէ Թեմելճի դաշնակի մեներգ մը հրամցուց ներկաներուն։

Երաժշտութեան յայտագրի աւարտին, Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հուսկ բանքը արտասանեց ու գնահատական արտայայտութեամբ դրուատեց Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն օրինակելի գործունէութիւնը։ Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը Լուսաւորիչ Երգաչախումբի համար գործածեց հետեւեալ խօսքը. «Իր միշտ երիտասարդ վարիչով ու երիտասարդ անդամներով, Լուսաւորիչը միշտ երիտասարդական շունչ կը բուրէ եւ միշտ երիտասարդ կը մնայ»։ Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին եւ նորութեան գաղափարին մասին եւս արտայայտուեցաւ եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «շատեր նորութեան գաղափարը անցեալէն անջատուած կը մտածեն եւ շարունակականութիւնը առանց նկատի ունենալու նորութեան մասին կը խորհին։ Նոր տարուան առաջին օրերուն կատարուած այս համերգը նորութեան մասին ճիշտ ձեւով մտածելու համար առիթ հանդիսացաւ։ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը 90-ամեայ կաղնի մըն է եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Ինք գոյութիւն ունի, բայց նորութիւնը այն է որ թարմ ճիւղ մը եւս կը բուսնի այդ ծառէն։ Հետեւաբար, գնահատելի է այս նորութիւնը եւ կ՚աղօթենք որ մեր երիտասարդները միշտ նոյն եռանդով, նոր ճիւղեր բեռցնեն իրենց արժէքներուն։ Այս աշխատութեան մէջ ճակտի քրտինք, սէր եւ միաբանութիւն կայ, բան մը որ ընտանիքի վերածած է այստեղի երիտասարդները։ Երգեցողութեան որակին առընթեր, սոյն տեսարանը եւս գովելի եւ օրինակելի է շատերուս համար։ Տղաք միշտ այսպէս իրարու սիրով կապուծ մնացէք, որովհետեւ վստահ եմ, թէ սոյն մթնոլորտին որպէս արդիւնք պիտի շատնայ նաեւ երգչախումբի անդամներուն քանակը։ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ»։

2020 AMANOR KONSER 1

Ընտրեալ Պատրիարք Հօր հուսկ բանքէն ետք, խադավառիչ այս հանդէսը եզրափակուեցաւ

միաբերան երգուած Կոմիտասեան «Հայր Մեր»ով։