ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՈՒՐՖԱՅԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 7 Յուլիս, Երեքշաբթի, ժամը 08.30-ին օդային ճամբով հասաւ Ուրֆա։ Այստեղ դիմաւորուեցան, տեղւոյն ապահովութեան պաշտօնեաներուն կողմէ։ Մօտաւորապէս 50 վայրկեան ճամբորդելէ յետոյ եկան Սուրուչի ԱՖԱՏ (Աղէտի եւ անակնկալ դէպքերու կեդրոնի) վրանակերտ բնակավայրը ու ուրախութեամբ դիմաւորուեցան պատասխանատուներէն՝ Իսքէնտէր Եիւքսէլի եւ այլ աշխատակիցներու կողմէ։ Տեղւոյն վրայ բնակավայրի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։

Բնակավայրի մէջ ներկայիս կը մնան 26.000 հոգի։ Ըստ տուեալներու, 19 Սեպտեմբեր 2014էն սկսեալ, մօտաւորապէս 200.000 Սուրիացի սահմանը անցած եւ ապաստանած է Թուրքիա։ Սոյն ապաստանեալները, Ուրֆայի եւ շրջակայ քաղաքներու մէջ հիւրասիրուած են տեղւոյն ժողովուրդին կողմէ, նոյնիսկ իրենց տուներուն մէջ։ Իրենց համար եղած է ջուրի օգնութիւն, բան մը որ առաջնահերթ կարիքն էր բոլորին համար։ Իսկ, 45 օրուան մէջ կառուցուած է ԱՖԱՏ բնակավայրը, որ կը բաղկանայ 15 թաղամասերէ եւ բոլորն ալ ունին իրենց մէջ ընտրուած  գիւղապետներ։ Այստեղ կը գտնուին դպրոց, հիւանդանոց, աշխատանոց եւ այլ հաստատութիւններ։ Դպրոցին մէջ ներկայիս կ՚ուսանին 6000 աշակերտ, որոնց կը դասաւանդեն Սուրիացի ուսուցիչներ։ Բնակարաններուն մէջ կը գտնուին մաքրութեան համար անհրաժեշտ կազմածներ։ Բնակավայրի մէջ կը գտնուի  շուկայ, ուր կարելի է սննդեղէնի առեւտուր կատարել։ Իւրաքանչիւրի խոհանոցի կարիքին համար յատկացուած է ամսական 85 Լիրա։ Բաց աստի, ջուրի, ելեկտրականութեան ծախսերը կը դիմագրաւէ պետութիւնը։

Սրբազան Հայրը, նախ այցելեց վրան մը, ուր կը ցուցադրուէին բնավայրի շինութեան եւ այցելուներու մասին նկարներ։ Ապա, պատասախանատու տնօրէնի սենեակին մէջ ծանօթացան, Քօպանիի մէջ սպաննուած Յովսեփ Թովմասեանի (45 տարեկան)  եղբայրներուն՝ Յակոբ (60 տարեկան), Սերոբ (51 տարեկան) եւ եղբօրորդի՝ Ռաֆֆի (17 տարեկան) Թովմասեաններու հետ։ Աւելի վերջ, Նորին Սրբազնութիւնը, Սուրուճի Գաւառապետ Ապտուլլահ Չիֆթչի եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հիւրասիրուեցան Թովմասաններու բնակարանը։ Այստեղ, Յակոբ Թովմասեան բացատրութիւններ տուաւ իրենց չարաբախտ ճամբորդութեան մասին, յայտնեց թէ լաւ յարաբերութիւններ ունէին տեղւոյն ժողովուրդին հետ եւ ըսաւ. «Սահմանի վրայ էինք։ Լաւ գիտէինք որ, եթէ մնայինք արդէն իսկ պիտի սպաննուէինք։ Իսկ հակառակ պարագային, կը մտածէինք թէ սահմանը անցնելէ յետոյ տեղւոյն ժողովուրդը պիտի սպաննէր մեզ։ Սակայն, յոյս մը ունէինք որ, եթէ սահմանէն անցնէինք, մեզ կրնային խնայել որպէս ապաստանեալներ, որովհետեւ ուրիշ լաւ օրինակներ ալ ունէինք մեր առջեւ։ Այսպէս քաջալերուած, երբ սահմանը անցանք, տեսանք թէ ի զուր էին մեր նախապաշարումները։ Այստեղ, բարեկամութեամբ դիմաւորուեցանք եւ ի տես այս երեւոյթին մխիթարուեցանք։ Այժմ, թէեւ մեր ծննդավայրէն հեռու ենք, բայց երջանիկ ենք բարեկամներ ունենալով։  Այստեղ շատ լաւ վերաբերմունք ցոյց կը տրուի մեզի։ Երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին մեզմով»։

Զրոյցէն յետոյ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ բաժնուեցան միջավայրէն եւ հոգեւոր հայրերու առիթ ստեղծեցին որ զրուցեն ապաստեանեալներու հետ։ Մօտաւորապէս 45 վայրկեան ընտանիքներու հետ անձնական զրոյց կատարուեցաւ։ Սրբազան Հայրը, ընտանիքներու մասին տեղեկութիւններ ստացաւ եւ մխիթարական խօսքերով, Պատրիարքական Աթոռոյ ու Հայ Համայնքի զօրակցութիւնը յայտնեց։ Մասնաւորաբար երախաներու պարագային, հարց տուաւ թէ ինչպէս կրնային օգնել իրենց։ Սրբազան Հայրը. համայնքէ երկու բարերարներու ուղարկած նուիրատուութիւնը ընտանիքներուն յանձնեց ։ Այցելութեան աւարտին, «Պահպանիչ» աղօթքը արտասանեց։ Թովմասեան ընտանիքի անդամները, իրենց երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին, սոյն այցելութեան առթիւ։ Ըսին թէ, տխուր ճամբորդութենէ մը յետոյ, ներկայիս իսկապէս լաւ պայմաններու մէջ էին։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հետ հետաքրքրուող բոլոր պատասխանատուներուն։ Ի մասնաւորի, հոգեւորականին ներկայութիւնը, հոգեկան մխիթարութիւն էր իրենց համար։

Թովմասեան ընտանիքի անդամներն են. Յակոբ, Ֆերուզ, Զարմիկ, Սօսի, Ռաֆֆի, Լիանա, Աբիկ, Սերոբ, Ռաֆֆի, Շանթ, Մարալ, Մայք, Յակոբ, Աբիկ, Յովսեփ, Էլօ, Վարդուհի, Արամ, Կարօ։

Թովմասեան ընտանիքի բնակարանէն հրաժեշտ առնելէ յետոյ, Սրբազան Հայրը, այցելութիւն տուաւ Սուրուճի Գաւառապետ Ապտուլլահ Չիֆթչիի, ԱՖԱՏ-ի պաշտօնատեղիին մէջ։ Այստեղ ներկայ եղան նաեւ Տնօրէն՝ Մէհմէտ Հան Էօզտէմիր եւ այլ պաշտօնական անձեր։ Սրբազան Հայրը, անգամ մը եւս գոհունակութիւն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ Պետութեան, որ առանց կրօնքի եւ ցեղի խտրականութեան, կը հոգար ապաստանեալ ընտանիքներու ծով կարիքները։ ԱՖԱՏ-ի վրանակերտ բնակավայրը, իսկապէս հսկայական աշխատութիւն մըն էր։ Աշխատութիւնը որքան գնահատելի այնքան ալ զարմանալի էր, քանի որ կառուցման աշխատանքները 45 օրուան կարճատեւ ժամանակաշրջանի մէջ աւարտած էին։ Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրընկալութեան համար ու կարողութիւն մաղթեց բոլոր պատասխանատուներուն։ Մօտաւորապէս 3 ժամուայ կեցութենէ յետոյ, Սրբազան Հայրն ու Տրդատ Քահանան, ժամը 13.00-ին հրաժեշտ առին Սուրուճէն։

Յետ միջօրէին, քաղաքի զանազան տեսարժան վայրերուն այցելութիւն տրուեցաւ։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական էին Յոբ Երանելիի եւ Աբրահամ Նահապետի հետ առնչուած վայրերը։ Առաջինը քարայր մըն է, ուր ըստ տեղական աւանդութեան Յոբ Երանելին իր հիւանդութեան օրերուն այստեղ ճգնած եւ ապա գետէն բղխած ջուրով ապագինած էր։ Երկրորդը, շատերուն ծանօթ «Պալըքլը Կէօլ»ը եւ կամ այլ անունով՝ «Հալիլ Իւլ Ռահման»ն է։ Ըստ տեղական աւանդութեան, Հայր Աբրահամ այստեղ ծնած եւ երկար տարիներ ապրած է։ Թագաւորը երբ զինքը սպաննել կ՚ուզէ, սակայն կատարուած փորձը Աստուծոյ միջամտութեամբ կը ձախողի։ Այս տեսարժան վայրերու շարքին, այցելութիւն տրուեցաւ Կէրմիւշ (երբեմնի Կարմունջ)  Գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ 19րդ դարուն կառուցուած է եւ ունի 4 գմբեթներ։

vali 1vali 2Ժամը 15.15-ին Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Տրդատ Քահանայի, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Կուսակալ Իզզէթթին Քիւչիւքի։ Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Իր շնորհաւորանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես ապաստանեալներու համար կատարուած աշխատանքներուն։ Այս աշխատանքներով, Թուրքիա մարդասիրական օգնութեանց տեսակէտէ օրինակ հանդիսացած էր։ Ընդգծեց, թէ ապաստանեալներու կարգին, Հայ ընտանիքի անդամներ եւս կը վայելէին ընծայուած օժանդակութիւնները։ Կուսակալ Քիւչիւք, իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր այցելութեան համար։ Յայտնեց թէ, համայն Եւրոպայի տարածքին կը գտնուէին 140.000 ապաստանեալներ, իսկ միայն Ուրֆայի մէջ 520.000, որոնց համար հաստատուած էին  6 տարբեր բնակավայրեր։ Թուրքիան 5 Միլիար Տոլար կը յատկացնէր ապաստանեալներուն առանց կրօնքի, ցեղի խտրութեան ու կատարուած աշխատանքը կը համարուէր որպէս մարդկային օժանդակութիւն։

Սրբազան Հայրը, ի յիշատակ այս այցելութեան, կուսակալին նուիրեց Հայաստանցի վարպետներու ձեռագործ՝ փայտեայ պտղաման մը։ Իսկ կուսակալը նուիրեց Ուրֆայի շրջանի յատուկ սուրճի կազմած մը։ Մօտաւորապէս կէս ժամուան հանդիպումէն յետոյ այցելուներ հրաժեշտ տուին Կուսակալ Քիւչիւքին։

Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն տուին ուրֆայի Մայր Քաղաքապետ Ճէլալէտտին Կիւվէնճի։ Այս ընդունելութեան ընթացքին եւս Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ապաստանեալներու նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան։ Յարգելի քաղաքապետը յայտնեց, թէ որպէս քաղաքապետարան իրենց կարելիութեանց սահմաններուն մէջ կը ջանային իրենց ներդրումը ունենալ մարդասիրական այս աշխատութեանց։

Պաշտօնական այցելութիւններէն յետոյ, Սրբազան Հայրը, հիւրասիրուեցաւ «Նէվալի» Հիւրանոցի մէջ, հիւրանոցի վարչութեան փոխ-ատենապետ Չէթին Ասլանի կողմէ, որ նախագահն է նաեւ ՈՒՐՖԱՄ Միութեան (Քաղաքակրթութեան, Զբոսաշրջութեան Յետազօտման Կեդրոնի Միութիւն յՈւրֆա)։ Ներկայ էր նաեւ միութեան ընդհանուր քարտուղար Նիմէթ Ինճէ։ Միութեան գործունէութեան գլխաւոր նպատակն էր, վերականգնել Ուրֆայի մշակութային, կրօնական յուշարձանները։ Այս առթիւ,  Չէթին Ասլան հրաւէր ուղղեց ապագային կատարելի բանախօսութեանց Պատրիարքական Աթոռի մասնակցութեան համար։

Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը, երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ, ուր դիմաւորուեցան Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։