ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Յուլիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Ատենապետ՝ Լեւոն Շատեանի։

 

Այցելուներ, առաջին հերթին ուրախութիւն յայտնեցին, քանի Նորին Ամենապատուութիւնը որպէս Պոլսոյ Պատրիարք առաջին անգամ կը գտնուէր Գնալը Կղզիին մէջ։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ ցաւ կը զգային, քանի Պատրիարք Հայրը արժանավայել ձեւով չէին կրնար ողջունել Կղզիի ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Այս առթիւ անոնք յայտնեցին, թէ Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ մէջ դռնփակ արարողութիւնները սկսած էին եւ ժողովուրդը կը փութար մոմավառութեան ու արարողութեանց կը հետեւէր՝ պարտէզէն։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ գործունէութիւնները սահմանափակուած էին Քորոնա Համավարակի պատճառաւ։ Առ այդ, ներկաներ եկեղեցական կեանքի շարունակականութեան համար, Պատրիարք Հօրմէ խորհուրդներ ստացան։ Թաղային Խորհուրդի անդամները նաեւ եկեղեցւոյ մասին զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Իսկ հուսկ, ներկաներ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան անուանակոչութեան եւ ձեռնադրութեան զոյգ տարեդարձները եւ իրեն մաղթեցին արեւշատ օրեր։

 KINALIADA YONETIM 2020

Նորին Ամենապատուութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին եւ բոլոր վարչայիններուն, իրենց այցելութեան համար։ Գնալը Կղզիի Եկեղեցին երկար տարիներ յետոյ, առաջին անգամ այսքան անձայն կը մնար եւ մաղթեց որ Քորոնա Համավարակի այս ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ նաեւ Կղզիէն։ Շնորհաւորեց այցելուները, քանի այս դժուարին օրերուն եւս պատասխանատուութեամբ կը շարունակէին իրենց պաշտօնին եւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական կեանքը ողջ կը մնար։ Առ այդ, յիշեցուց որ, անոնք միշտ հետեւին Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեանց եւ առողջապահական զանազան միջոցառումներու, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ միշտ զգալի ըլլայ առողջապահութեան կարեւորութիւնը։ Այս առթիւ իրենց մաղթեց կարողութիւն եւ յաջողութիւն։