ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

PHOTO-2021-03-25-13-46-36Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Մարտ 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Ատենապետ՝ Արուշ Թաշի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու մատաղօրհնութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 11 Ապրիլ 2021, Կիրակի օրուան։ Թէեւ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը հանդիսաւորապէս պիտի չնշուէր, սակայն այցելուներ այս հանգրուանին փութացած էին Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակաւ։ Անոնք, զրոյցի ընթացքին եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, իրենց ծրագիրներուն մասին եւս արտայայտուեցան։ Տէր Հայրը եւս յայտնեց թէ, Մեծ Պահոց Շրջանին եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութիւնները կանոնաւորապէս տեղի ունեցած էին։

Պատրիարք Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ անցեալին որպէս հոգեւոր հովիւ պաշտօնավարած ըլլալով, մօտէն ծանօթ էր Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ երբեմնի տօնախմբութիւններուն։ Դժբախտաբար այս տարի եւս, Քորոնա Համավարակը պատճառ պիտի դառնար որ անցեալի նման մեծահանդէս արարողութիւններով չնշուէր եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը։ Բայց եւ այնպէս Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ, Պատրիարքական Աթոռը նեցուկ կը կանգնի իր եկեղեցիներուն եւ այս առումով մաղթեց որ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը Գումգաբու Դրսի Եկեղեցւոյ ընտանիքին համար ըլլար օրհնալից։ Լսելով նաեւ այցելուներու ծրագիրները, մաղթեց որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերու աւարտին այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործուէութեանց մէջ։