ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ

Kategori: Կարճ լուրեր

KiliseBulteni_ARM

Ողջոյն,

Պատրիարքական Աթոռոյս երդիքին ներքեւ, տարիներ առաջ հաստատուած աւանդութիւն էր սոյն Եկեղեցականք-Պաշտօնականք համառօտ տեղեկատուութիւնը, որ խիստ ամփոփ գիծերով կու տայ Աթոռոյ առօրեայ կեանքը։

Եկեղեցականք-Պաշտօնականք նախ լոյս կը տեսնէր Պոլսահայ մամուլի սիւնակներուն մէջ։ Լրաբեր պարբերականի հրատարակութեան օրերուն, այդ էջերուն մէջ լոյս տեսաւ։ Իսկ հիմա, 1 Յունուար 2021 թուականէն սկսեալ ընթերցողին պիտի հրամցնենք զայն մեր կայքէջին եւ համացանցի միջոցաւ։

2020 տարիէն 2021 նոր տարիին ժառանգ մնաց թագաժահրի (corona virus) համավարակը, որու հետեւանքով հաստատուած սահմանափակումներուն պատճառաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագներու մատուցումը եւ այլ գործունէութիւններ կանգ առին։ Ասոր փոխարէն՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ հաստատուեցաւ շաբթու մէջ մատուցուած Ս. Պատարագներու տեսասփռումն ու Նորին Ամենապատուութեան խօսած քարոզներու ուղիղ եթերով հաղորդումը։

1 – 31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

1 Ուրբաթ. Ամանոր.
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած անդրանիկ Ս. Պատարագը եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Ամանորի պատգամը տեսասփռուեցաւ։

 

3 Կիրակի.
Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ քարոզը տեսասփռուեցաւ։

 

5 Երեքշաբթի. Ճրագալոյց Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ճրագալոյցի հանդիսութեան եւ քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Ներկայ էր Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Ս. Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Գատըգիւղ Ս. Թագաւոր, իսկ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան ապա Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակի ժամերգութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց։

Ճրագալոյցի առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ, ժամը 21.30-ին տեսասփռուեցաւ Ս. Ծննդեան «Հոգեշունչ Մեղեդիներ» համացանցային համերգը։

 

6 Չորեքշաբթի. ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։

Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Ս. Աթոռոյս միաբաններէն Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, իսկ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։

 

7 Հինգշաբթի. Յիշատակ Մեռելոց
Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը տեսասփռուեցաւ։

 

8 Ուրբաթ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեկոյեան, ընդունեց Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը։

 

10 Կիրակի
Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

 

11 Երկուշաբթի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունեց Ասորւոց Մոր Մելքի Մետրոպոլիտի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առթիւ, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռոանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, գոհաբանական աղօթք եւ Մաղթանք՝ վասն կենաց Նորին Ամենապատուութեան եւ անսասանութեան Ս. Աթոռոյս։

 

17 Կիրակի
Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

 

18 Երկուշաբթի
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նամակով դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վախճանման առթիւ։

 

20 Չորեքշաբթի.
Նորին Ամենապատուութիւնը Ժամը 15.00-ին ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի ու օգնականին՝ Նաղաշ Յակոբեանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ շնորհաւորական այցելութիւնը։

 

24 Կիրակի.
Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

Պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանը հրատարակեց յայտարարութիւն մը, որով տեղեկութիւն տրուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական վիճակին մասին եւ արագ ապաքինման համար մաղթանք կատարուեցաւ։

 

25 Երկուշաբթի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ժամը 14.00-ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ.ի հօր՝ Վահրամ Ուչքունեանի յուղարկաւորութեան։

 

26 Երեքշաբթի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունեց Սաթ-7 հեռուստակայանի աշխատակիցները, որոնք արձանագրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզխօսութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00-ին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ լրատուական յանձնախումբի հետ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Մարմարա օրաթերթի խմբագրապետ եւ մտաւորական Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 95ամեակը։

 

27 Չորեքշաբթի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.30-ին ընդունեց Սէրտա Ասլանը եւ ժամը 15.00-ին՝ քաղաքիս Ժամանակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։

 

28 Հինգշաբթի.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Ս. Պատարագ մատոյց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, որու աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանի բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին նախագահեց Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի հերթական նիստին։

 

29 Ուրբաթ.
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00-ին ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան Գերապայծառի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Ժամը 14.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց «Աթոռոյս ՍԱԹ-7 հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբ»ի անդամներն ու ՍԱԹ-7ի վարչութենէն Գրիգոր Տիչքայըքճըն։

 

31 Կիրակի
Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։