ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

yenikoyԵնիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, 28 Փետրուար 2014, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի անդամները եկած էին, վերջին օրերուն Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրի հետ առընչուած իրադարձութեանց մասին տեղեկութիւն փոխանցելու համար։  Նախկին թաղային խորհուրդ ատենապետ Տիար Յակոբ Պայթայեան դատարան դիմած էր, որպէսզի կատարուած ընտրութիւնը ջնջուէր։ Դատական մարմինները քննած էին իր դիմումը եւ որոշած՝ ջնջել կատարուած ընտրութիւնը։ Թաղային Խորհուրդի անդամներ այս հարցի շուրջ իրենց անհանգստութիւնները յայտնելով, ըսին որ իրենք ալ սոյն որոշումի ջնջումին համար պիտի դիմեն դատական մարմիններուն։ Անոնք, նաեւ տեղեկութիւններ տուին իրենց շրջանի աշխատանքներու մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը, եկեղեցւոյ շուրջ տիրապետող անհամաձայնութեան պատճառաւ իր անհանգստութիւնը յայտնեց։ Յիշեցուց որ նման տարակարծութիւններ, բարիքէ աւելի չարիք կը բերեն։ Մաղթեց որ անձերու միջեւ եղած անհամաձայնութիւնը վերջ գտնէ եւ վարչայիններ աւելի առողջ մտածեն եկեղեցւոյ պայծառութեան վրայ։