ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՈՅԹԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Էսայեան Սանուց Միութեան Մարալ Երգի-Պարի Համոյթը, իր հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, 15 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի երեկոյեան, Ստանպուլի Համագումարներու Կեդրոնին մէջ, բացառիկ հանդիսութիւն մը սարքեց։ Իմաստալից այս երեկոյեան պատուոյ հիւրերն էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրն ու Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,  Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, վարչայիններ, դիւանագիտական գործիչներ եւ մշակութասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քայալճըի բացման խօսքով։ Ապա, յուշանուէրներ յանձնուեցան Շիշլիի Քաղաքապետ Մուամմէր Քէսքինի եւ Քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ Սէլինա Տօղանին, որոնց գլխաւոր աջակցութեամբ Մարալի հանդիսութիւնը իրականացած էր։ Այս առթիւ առ ի երախտագիտութիւն, յոբելենական հանդիսութեան կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն եւս յուշանուէրներ յանձնուեցան։ Պաշտօնական շնորհաւորական հանդիսութեան յաջորդեց Մարալ Համոյթի աւելի քան երկու ժամուան հանդիսութիւնը։

2019 MARAL 2

Սոյն հանդիսութեան մասնակցելու համար Հայաստանէն ժամանած էր Երեւանի Պարի Պետական Պարախումբի նուագախումբը, որոնք խմբավար Հայկ Գրիգորեանի առաջնորդութեամբ փայլ տուին երեկոյթին։ Իրենց կը միանար Երեւանի յայտնի արուեստագէտներէն Էտկար Խաչատրեան։ Մարալի աւելի քան 150 աշակերտները, թէ՛ մեծերով, թէ՛ փոքրերով, մեծապէս գնահատանքի արժանացան ներկաներու կողմէ։ Երեկոյթի ամենէն ազդու պահը այն էր, երբ Կեդրոնի հսկայածաւալ բեմը, բոլորովին լեցուած էր Մարալի բոլոր պարողներով ու հիւր նուագախումբով։

2019 MARAL 3

Հանդիսութեան աւարտին, Հայաստանի Պարի Պետական Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Կարապեպեան, յուշանուէրներ յանձնեց Հայկ Գրիգորեանին եւ Կարպիս Չափքանին։ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը նաեւ փափաքն ունեցած էր ոսկի մետայլով գնահատել Մարալ Համոյթի Գեղարուստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։ Սոյն տուուչութիւնը կատարեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Հանդիսութեան եզրափակիչ բուլին, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց Ընտրեալ – Պարիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծապէս գնահատեց Մարալ Համոյթի գործունէութիւնը։ Յիշեց լուսահոգի Պենոն Գուզուպաշը եւ իր հաստատած աւանդութիւնը։ Քառասուն տարիներ սոյն աւանդութիւնը, կը շարունակուէր Կարպիս Չափքանի բծախնդիր աշխատութեամբ։ Այս երկու անունները արդէն իսկ անմահացած էին Մարալ Ընտանիքէն ներս։ Այնուհետեւ, նշեց թէ՝ սերունդներ կերտուած էին քառասուն տարիներու ընթացքին, փոքրեր չափահաս դառնալով, ուղեցոյց հանդիսացած էին իրենց փոքրերուն։ Այս հանգրուանին, Մարալը լաւագոյն փաստերէն մին եղած էր որ Պոլսահայութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի եւ իր հաստատութիւններով գնահատանքին կ՚արժանանայ Հայաստանի եւ նաեւ սփիւռքի։ Մաղթեց որ ապագային յիսնամեակի արժանանայ այս համոյթը։

Հանդիսութիւնը, համոյթի բոլոր տարիքէ անդամներուն միասնաբար կատարած վերջին պարով իր աւարտին հասաւ։