ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Turk-Ermeni-iIliskileri-Smpzym-son-Brosur-1Ստանպուլի Համալսարանի եւ «Թուրք Օճաքլարը» միութեան համագործակցութեամբ 05 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, համանուն համալսարանի մէջ սկսաւ 19-20րդ դարերուն Թուրք –Հայ յարաբերութիւններու շուրջ միջազգային համաժողովը։ Ընդառաջելով հրաւէրին համաժողովին մասնակցեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ. Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

aram sirpԲացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ համալսարանի Ճէմիլ Պէրսէլ Սրահին մէջ, ժամը 09.30-ին։ Բացման խօսքերու աւարտին, հանդէս եկաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։ (Տես՝ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/patrik-genel-vekili-basepiskopos-aram-atesyanin-19-20-yuzyillarda-turk-ermeni-iliskileri-kaynasma-kirginlik-ayrilik-yeni-arayislar-uluslar-arasi-sempozyumu-konusmasi/) ժամը 11.00-ին տեղի ունեցաւ Ա. Նիստը, որուն ընթացքին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ ներկայացուց «Օսմանեան Կայսրութեան շրջանէն մինչեւ այսօր Հայ Համայնքը եւ Պատրիարքական Աթոռը» խորագրեալ զեկոյցը։

hayr tatul

Համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ 7 Յունուար։ Մինչ այդ 6 Յունուար երեկոյեան, ժամը 18.00-ին, Հանրապետութեան  Նախագահութեան Թուրք Դասական Երաժշտութեան Երգչախումբի մասնակցութեամբ պիտի ներկայացուին Թուրք Երաժշտութեան ներդրումով ծանօթ Հայ Երգահաններու յօրինումները։