ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պոլսոյ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, 23 Նոյեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Թէեւ սոյն յուշարձանը տեղադրուած էր Պատրիարքարանի Պարտէզին մէջ՝ 4 Յունիս 2016 թուականին, սակայն ցարդ ո՛չ մէկ ձեռնարկ տեղի ունեցած էր այդ առընչութեամբ։

Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր ու հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Ներկայ էին Ուսուցչաց Հիմնարկի Ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ ընկերները, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Տնօրէն Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, վարչայիններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Հանդիսութեան պատրաստութեան իրենց նպաստը բերած էին Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը։

_MG_5852w

Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ յայտնի արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեանի բացման խօսքով, որ յայտնեց բացման հանդիսութեան նշանակութիւնը։ Ապա,  ուսուցիչներէն Տիանա Պուլտուք, ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի կենսագրականը։ Աշակերտներ, Կոմիտասի արձանին առջեւ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ ու հրամցուցին պարի ներկայացում մը։ Արձանի մօտ իր կուռ ձայնով Կոմիտասեան երգեր մեներգեց  յայտնի երաժիշտ Արթիւր Պաղտասարեան։ Ներկայացումը իր աւարտին հասաւ «Անլռելի զանգակատուն»ով։

Հանդիսութեան աւարտին, նախ սրտի խօսք մը արտասանեց Սարգիս Քիւլէկէչ եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սահակ Սրբազան Հօր, քանի իր բարեհաճ կարգադրութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ պաշտօնական բացումը կը կատարուէր սոյն արձանին։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էրօլ Սարաֆեանին, որուն ձեռագործն էր Կոմիտասի արձանը, Վազգէն Պարընին, որուն աշխատութեամբ պատրաստուած էր արձանի պատուանդանը եւ Եթքին Պէրպէրօղլուի, որ նուիրած էր պատուանդանի մարմարիոնը։

_MG_5877w

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց ու ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Այս առթիւ ան յիշեցուց թէ Կոմիտաս Վարդապետ համազգային չափանիշով ընդունելութիւն գտած արուեստագէտ մըն է եւ ըսաւ. «Պատրիարքարանի համալիրի մէջ դրուած այս արձանը, մասնաւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենայ, քանի իւրաքանչիւր այցելու պիտի մօտենայ Կոմիտասին եւ պիտի գտնէ պատգամ մը։ Արձանի հեղինակը, վարպետօրէն ներկայացուցած է Մեծն Կոմիտասը։ Ես յատկապէս ձեռքերուն ուշադրութիւն ըրած եմ, քանի անոնք ցոյց կու տան թէ Կոմիտաս Վարդապետ տակաւին կը շարունակէ ղեկավարել իր մօտ գտնուած հաւաքականութիւնը։ Շատեր պիտի մտածեն, թէ այդ հաւաքականութիւնը կրնայ ըլլալ երգչախումբ մը։ Բայց Կոմիտաս Վարդապետ ընդհանրապէս Հայ ազգային ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովէ իր պատգամներով։ Այսօր, անգամ մը եւս կը նշմարենք իր ուսուցումը, որով կը յայտնուին ազգային եւ եկեղեցական մեր բոլոր արժէքները»։

Սրբազան Հայրը իր խօսքերու աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Քիւլէկէչի եւ Էրօլ Սարաֆեանի, որոնց համագործակցութեամբ նոր արժէքով մը եւս բարոյապէս կը հարստանար Պատրիարքական Աթոռը։ Գնահատեց նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտները, որոնք իրենց ներդրումը բերին հանդիսութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Դիւանապետ Թաթուլ Ծ. Վարդապետին, Արթիւր Պաղտասարեանին եւ Պօղոս Չալկճեանին, որոնք եւս ներդրում բերին այս հանդիսութեան։ Սրբազան Հայրը, մաղթեց որ Պատրիարքարանի մէջ նման բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներ աւելնան ու համայնքը Պատրիարքարանէ ներս առաւել եւս զգայ մշակութային արժէքներու կենսունակութիւնը։

_MG_6035w

Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներ հիւրասիրուեցան պատուասիրութեամբ։