ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

hayasdan kutuphane

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէն՝ Տիգրան Զարգարեան եւ կողակիցը, 13 Նոյեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հրատարակչութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Այցելուները քաղաքս կը գտնուէին միջազգային գիտաժողովի մը մասնակելու համար։ Հակառակ անոր, որ նախապէս ներկայ գտնուած էին Ստանպուլ, Պատրիարքարան այցելելու առիթը չէին ունեցած։ Զարգարեան ամոլի ներկայ կեցութիւնը, իրենց ուրախութիւն կ՚առթէր, քանի որ անոնք այս անգամ բախտը ունեցած էին տեսնելու Պատրիարքարանը, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցը եւ Պալըքլըի Հայոց Գերեզմանատունը։ Պր. Զարգարեան յիշեց Հայկական Գրադարաններու Ներկայացուցիչներու նախորդ ժողովները։ Անգամ մը եւս Պատրիարքական Աթոռը բերած մասնակցութեան համար Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց։ Հիւրերը, իրենց կատարած այցելութեամբ, կը վկայէին թէ Ստանպուլը տակաւին կը շարունակէր պահպանել իր պատմական մշակոյթի կեդրոն ըլլալու դիմագիծը։

Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի մասին, ի մասնաւորի տպագրական աշխատանքերու շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը, մշակոյթի ի նպաստ կատարելի աշխատութեանց համար կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն։

Հիւրերը այցելեցին նաեւ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանն ու Աթոռանիստ Մայր Տաճարը։