ՀՐԱՒԷՐ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, համայնքային վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի տոկունութեան մասին խորհրդակցելու օրակարգով 1 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Պէզճեան Սրահին մէջ, ժողովի կը հրաւիրէ

  1. «ԷՐՎԱՊ»ի եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուն
  2. Վարժարան ունեցող համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետները
  3. Վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները
  4. Կը հրաւիրուին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վարժարաններու վարչութեանց ատենապետները, հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները։

Սոյն խորհրդակցութեան կը մասնակցին «ՀԱՅՃԱՐ»ի մասնագէտները, որոնք իրենց կատարած քննարկումներու մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն։

Հանդիպումը բաց է մամլոյ ներկայացուցիչներուն։

Նկատի ունենալով, որ կատարուած քննարկումներու արդիւնքին մասին Պատրիարքարանի մէջ պահուած թղթածրարի գոյութեան զրոյցներ կը շրջին, Նորին Ամենապատուութիւնը սոյն հրաւէրը ուղղած է յանուն թափանցիկ ըլլալու կարևորութեան և որպէսզի այս առումով համայնքային շրջանակներէ ներս շփոթ կացութիւն չստեղծուի։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ