ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

getronagan

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Հոկտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուի։

Այցելուներ յայտնեցին, որ 1 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի պիտի կատարուի իրենց աւանդական մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին սատարողներ։Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հետ առընչուած հարցերու մասին։ Այս առիթով, տեղեկութիւններ տուին համավարակի շրջանին դաստիարակութեան միջոցներուն եւ վարժարանի գործունէութեան մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը, Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարքի աւանդը ըլլալու հանգամանքով, ուրոյն տեղ մը ունեցած է Պատրիարքական Աթոռոյ մօտ։ Այլապէս, Աթոռոյ գահակալները, միշտ յատուկ ուշադրութեամբ հետեւած են վարժարանի գործունէութեանց։ Դժբախտաբար այս վարժարանը, երկար տարիներ նիւթական դժուարութիւններով դէմ հանդիման մնացած է, սակայն համայնքը իր կարելիութեան չափով միշտ տէր կանգնած է Կեդրոնականին։ Վարժարանը այս տարի եւս կը պայքարէր տնտեսական հարցերով ու Քորոնա համավարակը առաւել եւս ծանր լուծ մը կը բերցնէր վարչայիններուն ուսերուն վրայ։ Սակայն եւ այնպէս, Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց որ, այս դժուարին օրերուն առաւել եւս վճռակամութեամբ պիտի յաջողէին վարժարանը հաստատ պահելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը, այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։