ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

Ցաւով տեղեկացանք թէ, «Կէրչէք Հայաթ» անուն պարբերաթերթի սիւնակներուն մէջ զրպարտիչ ու մրոտող յօդուած մը գրի առնուած է, որուն ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Հոգելոյս Շնորհք Պատրիարքի անունը։

Անոր առընթեր, նոյն գրութիւնը Յոյն եւ Հրեայ համայնքներու կրօնապետերը որպէս թիրախ կ՚ընտրէ եւ Թուրքիոյ տարբեր հաւատքի պատկանող համայնքները անիրաւ եւ անհիմն զրպարտութիւններու նշաւակ կը դարձնէ։ Այս գծով ալ անոնց կը վերագրէ նաեւ քաղաքական անջատողական դիրքաւորում, այպէսով ալ Կրօնապետները եւ անոնց գծով համայնքներ եւս ուղղակիօրէն որպէս թիրախ  կը ներկայացուին։

Ինչպէս Թուրքիոյ Հայերը, նոյնպէս ալ այլ Քրիստոնեայ եւ Հրեայ համայնքներու անդամներ ծայր աստիճան ազդուած են, յուզուած եւ անարգանքի նշաւակ դարձած ըլլալու զգացումը կը կրեն, ինչ որ բացարձակ իրականութիւն մըն է որուն հակառակը կարելի չէ մտածել։

Լրատուութեան ազատութեան հովանիին ներքեւ գործածուած այս արտայայտութիւնները թէ՛ խոր ցաւի կը մատնեն եւ թէ՛ կրնան շատ լուրջ հետեւանքներու դուռ  բանալ։ Ուստի այս անխորհուրդ արարքը եւ առաջադրուած իրականութեան անյարիր պնդումները Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ համայնքի տեսանկիւնէն կ՚ընկալուի որպէս ծայր աստիճան մտահոգիչ պարագայ։

Աշխարհի շատ մը վայրերու մէջ տեսնուած ցեղապաշտ մտայնութիւններուն, այս ուղղութեամբ կատարուած արտայայտութիւններուն եւ արձանագրուած շարժումներուն դժբախտաբար կը հանդիպինք նաեւ մեր երկրին մէջ եւս։ Այս տեսակի ցեղապաշտ քարոզչութիւններու բացասական հետեւանքները անխուսափելի են։ Այս առումով տակաւին քանի մը օր առաջ նման լոզունքներէն ազդուած անձ մը փորձած է մեր եկեղեցիներէն մէկուն վրայ քարիւղ թափելով հրդեհ յառաջացնել։

Ինչպէս Հանրապետական շրջանի բոլոր պատրիարքները, այնպէս ալ այժմու Պատրիարք Հայրը, համայնքային բոլոր հաստատութիւնները եւ համայնքի անդամները Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Բարձրապատիւ Պետութեան ոչ միայն հայրենակցական գծով կապուած են, այլ նաեւ զգացական կապերով մաս կը կազմեն Հայրենիքին՝ որպէս հաւատարիմ եւ վաղեմի Անատօլեան ժողովուրդներէն մին։

Մամլոյ բարոյական սկզբունքներուն անյարիր եւ մամլյոյ ազատութեան գաղափարով անբացատրելի նման անհիմն, մրոտող եւ պատճառաբանութենէ զուրկ ամբաստանութեան մը նշաւակ դառնալը խորապէս կը վիրաւորէ Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքի մէն մի անդամը եւ այս արարքը կարելի չէ բացատրել։

Այս մասին կատարեալ վստահութիւն ունինք, թէ մեր Բարձրապատիւ Պետութեան պատկան մարմինները, ամէն տեսակի անարդարութեան, վանողական խտրականութեան եւ զրպարտութեան արգելիչ զօրութեամբ ընդփոյթ պատշաճը պիտի տնօրինեն եւ մեր երկրի ամբողջականութեան, մարդկանց միութեան եւ միասնականութեան սպառնացող նման հաստատութեանց եւ անհատներու նկատմամբ օրինական տրամադրութիւնները պիտի կիրարկուին։

Յարգանօք կը ծանուցուի։

10 Մայիս 2020

12137

   ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ