Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԱԶՄՈՒԱԾ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր գահակալութեան եւ յաջորդին մատուցանելի Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի հանդիսութեանց կապակցութեամբ կազմուած յանձնախումբը իր անդրանիկ նիստը գումարեց  20 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 19.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Համայնքային ու թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած նիստին ատենապետի պաշտօնին միաձայնութեամբ կոչուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։ Յանձնախումբին կ՚անդամակցին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Արէտ Գորեան, Արէտ Չիչէքէքէր, Արթին Քիլէճի, Գամէր Թօքէր, Թամար Քարասու, Իսկենտէր Շահինկէօզ, Լենա Ենիեորկան, Խաչիկ Ճանէլ, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Հայկ Ասլանեան, Հերման Գավաֆեան, Մանուկ Քալայճեան, Մեսուտ Էօզտէմիր, Մինաս Արսլան, Մինաս Քորթուն, Մուրատ Էօղէր, Յարութիւն Շանլը,  Շահնուր Քազանճը, Սարվէն Սէրթշիմշէք։

2020 KAHAGALUTYUN TOPLANTI

Գահակալութեան եւ Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման  հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան 11-12 Յունուար 2020, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը փափաք յայտնեց պաշտօնական ընդունելութեանց առթիւ խուսափիլ մեծածախս կազմակերպութիւններէ եւ մնալ համեստ ընդունելութեան սահմաններուն մէջ։ Սկզբունքով որոշուեցաւ յետ գահակալութեան հանդիսութեան հիւրասիրել արտասմահմանէն ժամանած հիւրերը, ինչպէս նաեւ քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն եւ պետական պաշտօնական անձնաւորութիւնները։

Նկատելով որ սահմանափակ տարողութեամբ սարքելի ընդունելութեան ժողովուրդի մասնակցութիւնը անկարելի պիտի ըլլար, Նորին Ամենապատուութեան փափաքով որոշուեցաւ զանազան թաղերու մէջ կազմակերպել ընդունելութիւններ, որոնց ընթացքին ժողովուրդը սարքելի Սիրոյ Սեղաններու շուրջ առիթը պիտի ունենար հանդիպելու իր Հոգեւոր Պետին։

Յանձնախումբի անդամներ պիտի կարենան աշխատանքային խմբակներ կազմել, ապահովելու համար կազմակերպչական աշխատանքներու արագացումը։ Այս խմբակները կապի մէջ պիտի գտնուին յանձնախումբին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ համակարգել տարուած աշխատանքները։