ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

sinrohavor«Զի արդ ժամ իսկ է մեզ ի քնոյ զարթնուլ,
զի այժմ մերձ է մեզ փրկութիւն
քան յորժամ հաւատացաքն»
(Հռովմայեցիս, 13.11)

Ուրախ ենք, թէ առիթը ներկայացած է բոլորիս համար, ողջունելու՝ նոր տարի մը եւս։ Իւրաքանչիւր ամանոր, կու գայ յիշեցնել մեզի, թէ մեր ապրած օրերը կը դառնան պատմութիւն։ Յիրաւի, մենք կ՚ապրինք  պատմութեան եւ ապագայ ժամանակներու իրերհանդիպման կէտին վրայ։ Իւրաքանչիւր անհատ, որ կ՚արժանանայ ապագայ ժամանակները ներկայի վերածել, նոյն չափով կը հարստացնէ իր կեանքի պատմութեան էջերը։ Մեր կեանքի պատմութիւնը կը կերտենք, Երկնաւոր Հօր պարգեւած կեանքի օրերու արժեւորմամբ։ Այդ պատմութիւնը ոմանց համար երբեմն թղթիկ մըն է, ոմանց համար՝ հաստափոր մատեան։ Մեր պատմութեան օրերու քանակը յայտնի է, սակայն ապագայ օրերունը՝անորոշ։

Ամանորի սեմին կը յիշենք Տարսոնացի մեծ Առաքեալի խօսքը, որ կը հրաւիրէ արթննալ քունէն եւ գիտակցիլ, թէ Տիրոջ փրկութիւնը մօտ է հաւատացեալ Քրիստոնէին համար։ Նախ քան Քրիստոսի յայտնութիւնը, մարդիկ խաւարի մէջ էին։ Մեղքը որպէս թանցր մշուշ, որպէս անթափանց խաւար, մթագնած էր մարդուն կեանքը, զայն մատնելով անորոշութեան եւ անյուսութեան։ Այդ անորոշութեան խաւարը միանգամընդմիշտ փարատեցաւ, Արդարութեան Արեգակին՝ Քրիստոսի յայտնութեամբ. թանցր մշուշը չքացաւ Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան քաղցր զեփիւռի փչմամբ։ Քրիստոսի քարոզութեանց հիմնական սկզբունքն է ուսուցանել, թէ պարտ է աշխատիլ «ոչ թէ կորստական կերակուրին համար, այլ այն կերակուրին համար, որ կը մնայ յաւիտենական կեանքի մէջ, եւ զոր մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, քանի որ զայն իր կնիքով հաստատած է Հայրն Աստուած» (Յովհ. 6.27)։

Մնայուն կերակուրը ձեռք ձգելու համար մենք ի ձեռին ունինք մեր կեանքը, սահմանուած ըստ Աստուծոյ օրհնեալ կամքին։ Այդ կեանքը մեր դրամագլուխն է, զոր պարտինք արժեւորել իմաստութեամբ, նաեւ հսկել՝ արթնութեամբ, որպէսզի յումպէտս չվատնուի եւ ոչ-Աստուածահաճոյ հոսանքներ իրենց ցանած որոմներով չթունաւորեն զայն։  Սաղմոսերգու Դաւիթ Թագաւոր, կեանքի օրերու կարճութեան եւ ունայնութեան վրայ երբ կը խորհրդածէ, կը դիմէ Կենսապարգեւին՝ Աստուծոյ եւ կը խնդրէ որ ցոյց տայ իր կեանքի օրերու տեւողութիւնը։ Դաւիթ Թագաւոր, լաւ ըմբռնած է, թէ բաղդատմամբ  Աստուծոյ անսկիզբ եւ անվախճան գոյութեան անսահմանութեան, մարդուն կեանքը որքան կարճ ու վաղանցուկ է, նոյնիսկ համազօր՝ շնչառութեան տեւողութեան չափին։ Սաղմոսերգուն, կեանքի տեւողութիւնը կը սահմանէ  եօթանասուն կամ առ առաւելն ութսուն տարիով եւ կը խոստովանի, թէ այդ «լաւագոյն պարագային՝ չարչարանք է ու նեղութիւն» (Սղմ. 39.4-6։ 90.10)։ Երբ կը կարդանք Սաղմոսաց Գրքի այս համարները, կը մտաբերենք նաեւ Տէր Աստուծոյ հանդիմանական խօսքերը, ուղղուած՝ մեր նախածնողքին. «ցաւով զաւակ ծնանիս…, երկիրը քու պաճառովդ անիծեալ ըլլայ. կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ…. երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ…հող էիր եւ հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց, 3.16-19)։

Քրտնաթոր աշխատանքն է, որուն շնորհիւ կը ճարենք մեր ապրուստը, եւ անոր առընթեր կը հարստացնենք մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով։ Երբ փրկութեան արշալոյսը ծագած է եւ մեր կեանքի օրերը՝ սահմանափակ, կը հրաւիրուինք ամէն առիթ օգտագործելու մեր յաւիտենական երջանկութեան համար։ Անցեալի օրերու սխալներուն մէջ թաղուելով եւ ապագայի անորոշութեան մտահոգութեամբ տուայտելով չենք կրնար շահիլ մեր յաւիտենական կեանքը, եթէ նոյնիսկ աշխարհը շահած ըլլանք. այդ կը ծառայէ միայն մեր անձերու կորստեան (Ղուկ. 9.25)։ Մենք կը կանչուինք Տիրոջ կամքին հաղորդ դառնալու։ Կը կանչուինք Տիրոջ փրկարար խօսքին հաղորդ դառնալու եւ սորվելու, թէ ի՞նչ կþըսէ մեզի եւ ի՞նչ կþուզէ մեզմէ որ ընենք։ Կը կանչուինք պատրաստուիլ Քրիստոսի երկրորդ եւ հրաշափառ գալստեան, որ պիտի իրականանայ միայն Հօր Աստուծոյ դատած ժամանակին (Մատթ. 24.35)։ Կը կանչուինք պատրաստուիլ այդ օրուան մեր անձը ուրանալով եւ Քրիստոսի խաչը առած՝ Իրեն հետեւելով (Ղուկ. 9.23)։ Կը կանչուինք Քրիստոսը եւ Անոր խօսքերը ամօթ չհամարելու, այլ զանոնք խոստովանելով եւ կեանքի կոչելով արժանանալու Քրիստոսի գովասանքին։ Կը կանչուինք ընելու ամէն ինչ որ կրնանք, Աստուծոյ փառքին համար եւ միշտ ըսելու. «Անպիտան ծառաներ ենք. ինչ որ պարտաւոր էինք ընել, ըրինք» (Ղուկ. 17.10)։

Պօղոս Առաքեալ մեզ կը հրաւիրէ զգուշութեամբ ընթանալու, ոչ թէ անմիտներու պէս, այլ՝ իմաստուններու, ընդգծելով՝ ժամանակին յարգը գիտնալու կարեւորութիւնը։ Որպէս Քրիստոնեայ ժողովուրդ կը հրաւիրուինք տէր կանգնելու մեր բարոյական հարուստ գանձարանին, զայն օգտագործելով եւ առաւել զարգացնելով։ Կը հրաւիրուինք, Քրիստոսի Մարմինը՝ Ս. Եկեղեցին հեռու պահելու ոչ-հոգեւոր եւ ոչ-կրօնական հոսանքներէ եւ կամ լոզունքներէ։ Մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգը ձեռք բերուած է Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներով եւ հրաշքի համազօր գործունէութեամբ։ Երբ  անոնց հաւատարիմ կը մնանք, արդէն իսկ Աստուածային օրհնութիւնը կը մնայ մեր վրայ եւ մենք Աստուծոյ նախախնամական աջոյն ներքեւ ապահով կը գալենք դէպի առողջ ապագայ։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Հայ Եկեղեցին բոլորիս համար միարար ազդակ է, իր անկողոպտելի բարոյական հարստութեամբ, որ շուքի նման իր հետ կը բերէ նաեւ հայադրոշմ մշակոյթը։

Ամանորի առթած ուրախութեամբ, առ Աստուած առաքած մեր աղօթքներով կը յիշենք  մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։

Կþաղօթենք, մեր երկրի անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն, մանաւանդ իշխանաւորներուն համար։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ քաջառողջ եւ բարօր կեանք, հեռու ամէն տեսակի չար պատահարներէ։

Քրիստոնէական առաքինութիւն է Ամանորի ուրախութեան ընդմէջէն մտաբերենք նաեւ հարեւան՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մերազն եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւերը, տառապանքները, զրկանքները եւ սուգն ու լացը։ Կ՚աղօթակցինք իրենց եւ աղօթք կþառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած վասն հաստատութեան խաղաղութեան։ Կ՚աղօթենք նաեւ նոյն երկիրներու բոլոր հայրենակիցներուն համար եւս առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Աստուծոյ նախախնամութիւնը կը տարածուի անստիր բոլորին վրայ։ Մեր յոյսն է, որ մարդիկ երբ կը կամենան խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ, ամէն տեսակի անհամաձայնութիւններ կրնան չքանալ եւ կարելի կþըլլայ հաստատել սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան միջավայր մը։

Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք, լի՝ Աստուածային շնորհներով։

Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։

Արամ Արքեպս. Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ