ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ – 24 ԱՊՐԻԼ 2015

Kategori: Կրօնական,Փաստաթուղթեր

10419613_438718879621334_2709646242087792533_n

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը կը շարունակէ ջերմացնել մեր հոգիները։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը այն կենարար աւիշն է, որով կը պատուաստուինք անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի տեսլականով։  Տիեզերքի պատմութեան այս եզակի դէպքը, յայտարարութիւնն է մահուան դէմ տարուած յաղթանակին։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց հոգեւոր ուրախութիւնը, կեանքի պայքարը մղելու եւ հաւատքով գոյատեւելու զօրութիւնը  կը գտնեն Սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան նկատմամբ իրենց ունեցած աներեր հաւատքով։ Քրիստոնեայ հաւատացեալի համար Սուրբ Աւետարանի վրայ հիմնաւորուած կեանքը, իր բոլոր երեսակներով խաչակրութիւն մըն է։ Այն խաչը, կը վերածուի «քաղցր լուծ»ի երբ կը յիշենք, թէ  Քրիստոս «Իր խաղաղութիւնը թողած է մեզի, որ տարբեր է աշխարհի տալիք խաղաղութենէն». նաեւ թելադրած է, որ «մեր սրտերը չխռովին եւ չվախնան»։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը կը քաջալերուի վայելելով «աշխարհին յաղթած» Քրիստոսի ներկայութիւնը, իր կեանքէն ներս։

Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր նոյն՝ է եւ յաւիտեան։ Ան է «ճշմարիտ որթատունկը եւ մենք ճիւղերը»։ Մեր հաւատքի կեանքը կը պտղաբերի այն ատեն, երբ մենք կը մնանք Քրիստոսի մէջ եւ Ան կը բնակի մեր մէջ»։

Փառք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան։ Որպէս հաւատացեալներ, պիտի աղօթակցինք իրարու եւ մեր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ օրհնելէ եւ գովելէ պիտի չդադրինք փառաւորելէ յարուցեալ Փրկիչը, որ մեր յոյսն ու  ապաւէնն է։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Պատմութեան դժբախտ էջերէն է Ա. Համաշխարհային աշխարհաւեր պատերազմի տարիները եւ յատկապէս 1915 թուականը։ Մեր ժողովուրդի զաւակները դժխեմ քաղաքականութեան մը կիրարկումով տարագրութեան ճանապարհներուն եւ այլուր իրենց կեանքերը կորսնցուցին, ծանր վնասներ կրեցին։ Անոնց բարի յիշատակը այսօր համախմբած է մեզ այս սուրբ տաճարին մէջ։

Անցեալ տարիներուն մենք աղօթք կը բարձրացնէինք առ Աստուած մեր նահատակաց համար։ Իսկ այս անգամ, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմական կեցուածքն է, որով կþընդառաջենք վասն հաւատոյ զոհուածներու սրբադասման առթիւ աղօթքի մասնակից դառնալու հրաւէրին, ըստ առաքելական պատուէրին. որ կը թելադրէ «Մտիկ ընել մեր առաջնորդերուն»։ Բնականաբար մենք ականջ կուտանք նաեւ առաքելական խօսքին, որ կը թելադրէ «հնազանդ ըլլալ եւ հպատակիլ իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն եւ պատրաստ ըլլալ ամէն բարի գործի համար, չըլլալ կռուարար, այլ հեզահամբոյր, բոլոր մարդոց հանդէպ վերաբերիլ քաղցրութեամբ»։ Մեր այսօրուան աղօթքի մէկտեղումը հաւասարակշռեալ դրսեւորումն է առաքելական զոյգ պատուէրներու լոյսին տակ։

Կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի վասն հաւատոյ զոհուած նահատակներու յիշատակութիւնը մարդկանց քաջութիւնը քննարկելու մրցավայր մը չէ։ Այլ կը հաւատանք, թէ առիթ մըն է անդրադառնալու, իրենց հաւատքին հաւատարիմ հազարաւորներու  նուիրական նկատած արժէքներուն տէր կանգնելու կարեւորութեան։ Յոյսով լեցուած կը հաւատանք թէ անհատական, ընտանեկան եւ համայնքային ու մանաւանդ համազգային բարոյական արժէքները մեր օրերուն  եւս արժէք կը ներկայացնեն։ Հետեւաբար, եթէ արժէք մըն է մեր Քրիստոնէական հաւատքը, եթէ արժէք մըն է մեզի համար Աստուծոյ Խօսքը, եթէ արժէք մըն է մեզի համար մեր Սուրբ Եկեղեցին, եթէ արժէք մըն է մեզի համար մեր մայրենին, եթէ արժէք մըն է մեզի համար մեր դարաւոր մշակոյթը, եթէ արժէք մըն է մեզի համար Աստուածային սէրը, յայտնուած Միածին Որդւոյն միջոցաւ, ամէն բանէ առաջ Տէր պէտք է կանգնինք այդ բոլորին։ Որովհետեւ պատերազմի արհաւիրքներուն ընդմէջէն, պատերազմի կրակներէն խանձած, մոխիրներու մէջ մնացած մեր արժէքները վերընձիւղեցան, ի վկայութիւն մեր ժողովուրդի Յարութեան հաւատքին։ Աստուած կամեցաւ որ Եզեկիէլ Մարգարէի տեսիլքը իրականանայ նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Աստուծոյ նախախնամութեան հաւատք ընծայողներու աղօթքներուն, Քրիստոսի ժայռին վրայ հաստատուած ամուր հաւատքի կեանքին արգասիքն էր սա։

Բոլորիս ծանօթ է, թէ անցնող հարիւր տարուան ընթացքին այլեւս փոխուած են միջազգային քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնները, կարելի չէ դար մը առաջուան հասկացողութեանց գծով ընթանալ։ Այսօր սիրով կþողջունենք սրբադասումը մեր ժողովուրդի վասն հաւատոյ զոհուած զաւակներուն։ Սակայն ցաւով կը յիշենք նաեւ այն իրաւ յուսախաբութիւնը, որ մեր ժողովուրդի տարագրութենէ վերադարձած մնացորդացը ապրած էր, յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ՝ զոհը դառնալով զիրենք քաջալերողներու քաղաքական շահերուն։

Թուրքիոյ Հայ համայնքը այս երկրին անբաժան եւ հաւատարիմ տարրերէն է։ Կը գիտակցի իր հայրենակցական պատասխանատուութեանց։ Եւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ իր հաւասարակշռեալ կապերը կը պահէ այս ուղղութեամբ։ Մեզի համար ցաւ է, թէ մեր ժողովուրդի պատմութեան այս ցաւալի եւ կոտտացող էջը միայն հարիւր տարի յետոյ այսքան կը շեշտուի։ Այդ ցաւալի օրերը ապրող անձինք անցան այս աշխարհէն եւ մեկնեցան յաւիտենականութեան, առանց այս օրերը տեսնելու։ Երբ կը յիշենք մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները, չենք կրնար անվերապահ ուրախութեամբ ողջունել այսօրուան զարգացումները։ Ո՛չ ոք թող ակնկալէ, թէ մենք այսօրուան երեւոյթին ի տես պիտի ուրախանանք առանց յիշելու մեր անցեալի փորձառութիւնները։ Ուրիշներ կրնան իրենց ուզածը ըսել, գաղափարի ազատութեան սահմաններուն մէջ։ Բազում պետութիւններ կը յայտնեն թէ յանուն արդարութեան կը զօրակցին մեր վիրաւոր ժողովուրդին։ Մեր ցաւը պիտի քառապատկուի, եթէ օր մը մեր ժողովուրդի ցաւը քաղաքականութեան խաղաքարտի մը վերածողներ գտնուին։

Պատմութեան արձանագրած այս մեծ դժբախտութեան իբր արդիւնք Յարութեան հաւատացող մեր ժողովուրդը, ծանր կորուստներ ունեցաւ, իր արժէքներէն զրկուեցաւ։ Սակայն դժբախտութեան դուռ բացողներու առընթեր, մխիթարական երեւոյթ էր բարի եւ ազնիւ ու աստուածավախ մարդոց յայտնութիւնը, որոնք կրցան տէր կանգնիլ տարագրեալ խլեակներուն նոյնիսկ իրենց անձերը վտանգելով։ Ոչ-քրիստոնեայ այս ազնիւ անձերու ազնիւ կեցուածքը նոյնքան գնահատանքի արժանի է, որքան Քրիստոնեայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները։ Ուրախ ենք, որ այսպիսի ազնիւ հոգիներ կը յիշուին, հոգ չէ թէ հարիւր տարի յետոյ։ Լաւ է անագան քան երբեք։

Մեր կամքը իրագործուած տեսնելու համար մարդկային միջոցներու դիմումները պիտի մնան ամլութեան դատապարտուած։ Մարդկային հաշիւներ ծնունդ կու տան այլ մարդկային հաշիւներու։ Սա աշխարհի պատմութեան էջերուն մէջ ի զօրու եղած ճշմարտութիւն է։ Եթէ կը հաւատանք թէ մեր կամեցածը վասն արդարութեան է, այդ ուղղութեամբ նախ երկինքը պէտք է շարժել մեր աղօթքներով։

Երբ յանուն արդարութեան դիմումներ կþըլլան աշխարհական օրինաց տրամադրութեանց, մենք կը հրաւիրենք նախ հաւաքուիլ աղօթելու առ Բարձրեալն Աստուած որ ըստ Եզեկիէլ Մարգարէին կարող է մարդկանց քարեղէն սրտերը մսեղէն սրտերու վերածել եւ Իր Հոգին տալ անոնց։

Մենք Քրիստոսով յայտնուած համամարդկային սիրոյն նկատմամբ ունինք անշեղ հաւատք եւ այդ հաւատքին ուղղութեամբ նաեւ կþաղօթենք մեր հարեւան ժողովուրդին համար, որոնց հետ առօրեայ շփման մէջ կը գտնուինք։ Կը թելադրենք նաեւ անոնց, որ աղօթք առաքեն առ Աստուած որպէսզի Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու միջեւ գոյացած խրամատներու բարձման համար Աստուած իր հրաշալիքը ցոյց տայ կամրջելով զանոնք, երկու ժողովուրդներու կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող դրական երեւոյթներու սիրոյն։

Վրէժխնդրական մերձեցումներ ոչ միայն անտեղի են, այլ նաեւ անօգուտ եւ մանաւանդ ամլութեան կը դատապարտեն երկու ժողովուրդներու յարաբերութեանց բարւոքման համար տարուած ջանքերը։ Վստահ ենք, թէ աշխարհի վրայ կան ոմանք, որոնք նոյնիսկ գոհ կը մնան այս ամլութեան դատապարտուած վիճակէն։ Երկու ժողովուրդներ իրենց միջեւ պէտք է որոնեն այս խրամատի բարձման ճանապարհները, միշտ լաւատես մերձեցումներով։

Մէկ կողմէն հաւատալ համամարդկային սիրոյ յայտնութեան եւ միւս կողմէ այլամերժ կեցուածք որդեգրել անընդունելի է մեզի համար։ Եթէ մեղք մը կայ եւ ըստ մեզի մեղաւորը մեր դիմացն է, ինչո՞ւ աչքէ հանել զայն երբ Աստուած մեղաւորը չþանտեսեր եւ չի կամիր որ ան կորսուի։ Եթէ ըստ մեզի սխալ ճանապարհի մէջ է, միթէ չարժէ՞ր աղօթք առաքել առ Աստուած այդ ճանապարհէն դարձ մը ապահովելու համար։

Աստուծոյ Սուրբ Հոգին չենք գիտեր թէ ինչպէս կը գործէ։ Չմոռնանք մեղաւոր մեր նախածնողքին անկման եւ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն իբրեւ Փրկիչ աշխարհի յայտնութեան միջեւ անցած դարերու ժամանակաշրջանը։ Քրիստոնէական առաքինութիւն է համբերութիւնը։ Սուրբեր ամէն բանէ առաջ համբերեցին եւ իրենց համբերութեան վարձքը ստացան։ Մեր նախնիքները տնաւեր այդ դէպքերուն ու անպատմելի ցաւերուն մասին արտայայտուելու առիթն իսկ չունեցան։ Պէտք է գոհութիւն յայտնել, որ այսօր մենք առիթն ունինք քաջաբար աղօթելու մեր նահատակներուն բարի յիշատակին առջեւ եւ դիմելու անոնց բարեխօսութեան՝ վասն բարձման ժխտական զգացումներու, որոնք կը գոյատեւեն ցարդ։

Մենք կը հաւատանք, որ օր մը առիթը պիտի ներկայանայ ողջունելու Հայ եւ Թուրք յարաբերութեանց մէջ եղբայրութեան եւ սիրոյ արշալոյսին ծագումը։ Մենք կը հաւատանք նաեւ, թէ Աստուած պիտի բոցավառէ իրերհասկացողութեան ջահը, որ պիտի մնայ անմար։ Այդ ջահը պիտի բոցավառի իբրեւ նշան բարի կամեցողութեան, իբրեւ վարձք մեր աննկուն աղօթքի տրամադրութեան։

Երբ կþաղօթենք յիշելով վասն հաւատոյ զոհուած սուրբերը եւ ի Քրիստոս ննջած մեր ժողովուրդի զաւակները,  Մենք կ՚ընդառաջենք նաեւ եղած յիշատակութեան մը հրաւէրին։ Մեր սրտաբուխ աղօթքներէն բաժին կը հանենք Տարտանէլի պատերազմներուն իրենց կեանքը կորուսած Օսմանեան Բանակի զինուորներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։ Նաեւ կþաղօթենք այն բոլոր օտար երկիրներու զինուորներու հոգիներուն համար, որոնք հեռաւոր երկիրներէն գալով ինկան պատերազմի դաշտին վրայ, իրենց ետին թողլով արտօսրալից ծնողքներ, ընտանիքներ եւ զաւակներ։ Այս վերջինները, որոնք թաղուած են Տարտանէլի մէջ, կը նկատուին այս երկրին զաւակները։

Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսին առթած հոգեւոր ուրախութիւնը, կþաղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերը բարեխօս ըլլան մեզի։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք, որ  այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։

Այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ, Հոգեւորականաց Դասուն, պաշտօնական մարմիններուն եւ մերազն ժողովուրդին կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել Եւրոմիութեան Նախարար Մեծայարգ Վոլքան Պոզքըրին,  որուն յանուն Կառավարութեան ներկայութիւնը մեզի համար յիրաւի մխիթարական երեւոյթ մըն է։ Շնորհակալ ենք Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեան համար։ Շնորհակալ ենք նաեւ Ստանպուլի Միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Ռահմի Եարանի ու ուղարկեց իր փոխանորդը այս արարողութեան։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք անխտիր բոլոր կրօնապետներուն՝ գլխաւորութեամբ Նորին Սրբութիւն Տէր Տէր Պարթոլոմէոս Պատրիարքին, կրօնական եւ դիւանագիտական մարմիններուն ու իրենց ներկայացուցիչներուն, քաղաքապետներուն եւ այլ վարչական դէմքերուն որոնք մասնակցեցան Ս. Պատարագին եւ աղօթակցեցան մեզի։ Բոլորին ներկայութիւնը նշանն է եղբայրութեան եւ սիրոյ արտայայտութեան։ Աստուած ընդունի բոլորին աղօթքները եւ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին։