ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

zadig resim

«Առ մեզ ագիր, զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս»
(Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրեշտակաւանդ աւետիսը այս տարի եւս ընկալեցինք հոգեւոր ցնծութեամբ։

Այս անզուգական աւետիսը կու գայ վերաթարմացնել մեր հոգեւոր կեանքը, որ աւելի քան երբեք կարիքն ունի մերօրեայ աշխարհի հոգեմաշ եւ հոգեկործան հոսանքներուն դիմադրելու համար։ Յարուցեալ Քրիստոս, իր կենսուրախ ներկայութեամբը մեր կեանքի պաշտպանութեան անկործան պարիսպը ըլլալու առընթեր, օրհնութիւն է, նման՝ ոռոգիչ գետերու որոնք կը կենսաւորեն հերկեալ եւ սերմանեալ արտերը, արտաբերելու համար «ատոք ցորենը հասկին մէջ» (Մարկոս, 4.28)։

Յարուցեալ Քրիստոսի պարապ թողած վիմափոր գերեզմանը ինքնին սքանչելի քարոզ մըն է, որով կը յայտարարուի թէ «ողջը կարելի չէ որոնել մեռեալներու մէջ»։ Քրիստոս, մարմնացումն է Հօր Աստուծոյ արարչագործ Խօսքին։ Հետեւելով Յովհաննէս աստուածաբան աւետարանիչի բառերուն, կը հաւատանք, թէ «Կեանքը Անով էր եւ կեանքը լոյս էր մարդոց եւ լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ. եւ խաւարը չճանչցաւ զայն (Յովհաննէս, 1.1-5)։ Բնականաբար, Ան, որ, նոյնինքն կեանքի ակն էր, պիտի չմնար գերեզմանի մը մէջ։ Արարիչ Աստուծոյ Խօսքը, որ հաճած էր բնակիլ մարդոց միջեւ, մեղքին ու աշխարհի իշխանին՝ սատանային յաղթած ըլլալով, ջնջեց անէծքի դատապարտութիւնը եւ նոր ճարտարապետութեամբ երկիրը երկինքի վերածեց։ Փառք Աստուծոյ, որ արժանացած ենք այս աստուածապարգեւ շնորհքին եւ ունինք յոյսը յաւիտենական կեանքի երջանկութեան, լցեալ՝ սիրով ու հաւատքով։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Սուրբ Աւետարանը վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի, որով կրնանք հաստատ համոզում գոյացնել, թէ Քրիստոս արդարեւ յարութիւն առած է։ Քրիստոսի յետ յարութեան փառաւորեալ մարմնով զանազան երեւումներէն իւրաքանչիւրը իր յատուկ պատգամը ունի մերօրեայ մարդկութեան, որ երբեմն տարուելով խափուսիկ ու սատանայական հոսանքներէն, տկար հաւատքով եւ կամ բոլորովին անհաւատութեամբ կը մօտենայ Սուրբ Յարութեան կենսապարգեւ սքանչելի դէպքին եւ ճշմարտութեան։

Յարութեան աւետաբեր հրեշտակը կը յիշեցնէր ըսելով. «Յիշեցէք թէ ինչպէս խօսեցաւ ան ձեզի, երբ Գալիլիա կը գտնուէր. Կ՚ըսէր թէ պէտք է մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի, խաչուի եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (Ղուկաս 24.6-7)

Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները, դատավարութիւնը, խաչելութիւնը եւ թաղումը աննախադէպ պատահարներ էին, որոնց պատճառաւ Երուսաղէմը իրարանցումի մատնուած էր, ի տես այդ բոլորին։ Ոմանց ուրախութիւն, ոմանց տխրութիւն, ոմանց ալ զարմանք առթող պատահարներու մասին տարբեր համոզումներու տէր մարդիկ իրարու միջեւ կը խօսէին։ Երուսաղէմէն դէպի Էմմաւուս ճանապարհը եւս թատր հանդիսացաւ նման խօսակցութեան մը։ Երկու հոգիներ, մերձաւորներ Քրիստոսի, կը վիճէին իրարու հետ. Դեր ու դէմ կարծիքներ կը յայտնէին։ Իրենց վիճաբանութեան կիզակետն էր Յիսուս Քրիստոս, որ յանակնկալս կը յայտնուի իրենց միջեւ։ Սակայն վիճաբանութեամբ տարուածներ չեն կրնար ճանչնալ յարուցեալ Քրիստոսը, որուն խաղաղաւէտ քարոզութեանց ականջալուր եղած էին։ Քրիստոսի պարզ հարցումով մը միջամուխ կ՚ըլլայ խօսակցութեան։ Կը հետաքրքրուի, թէ ի՞նչ բանի մասին կը վիճէին իրարու հետ եւ մանաւանդ ի՞նչ էր պատճառը իրենց տխրութեան։ Քրիստոսի առաքեալները անցեալին նոյնանման հարցումի մը հետ դէմ հանդիման մնացած էին, երբ կը վիճէին թէ ո՞վ պիտի ըլլար իրենցմէ մեծը, իրենց վարդապետին մահէն յետոյ։ Անոնք ամօթխածութեամբ չէին համարձակած պատասխանել Աստուածորդիին։ Սակայն Էմմաւուսի ճանապարհորդները ունեցան համարձակութիւնը, իրենց Խօսակիցին հաղորդելու Երուսաղէմի դէպքերը։ Իրենց արտայայտութեան մէջ զգալի էր ցաւը թէ որպէս Մեսիա ճանչցուած մէկը ինչպէ՞ս կրնար տկարացած ըլլալ եւ խաչուիլ։ Ցաւին առընթեր զգալի էր նաեւ իրենց զարմանքը, լսած ըլլալով պարապ գերեզմանին մասին եղած վկայութիւնները։ Հոս կը լսուի յարուցեալ Քրիստոսի քարոզութիւնը, որ վերյիշեցումն էր մահուան եւ յարութեան մասին իր երկու կանխասացութիւններուն. «Մարդու Որդին պէտք է շատ չարչարանքներ կրէ, անարգուի երէցներէն եւ քահանայապետներէն եւ դպիրներէն, մեռնի եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (Մարկոս, 8.31, 9.29)։ Քրիստոս՝ «կատարումն օրինաց եւ մարգարէից», իր վերյիշեցումներուն կը յաւելու նաեւ Մովսէսի եւ բոլոր մարգարէներու մարգարէութիւնները ի մասին Երուսաղէմի դէպքերուն։ Յարուցեալ Քրիստոսի ճանապարհորդակցութեամբ երբ հասնին Էմմաւուս, իրենց խօսքը կ՚ըլլայ «Մեր մօտ գիշերէ, որովհետեւ իրիկուն է եւ օրը տարաժամած»։ Փրկիչը սեղանակից կ՚ըլլայ իրենց եւ հացի բեկանման պահուն կը բացուին երկու անձերու աչքերը եւ կ՚անդրադառնան, թէ որո՞ւ հետ քալած էին։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսով նորոգուած հաւատացեալներ խորապէս համոզուած են, թէ իրենց երկրաւոր կեանքը սահմանափակուած է շնորհաց պարգեւողին պարգեւած օրերուն չափովը եւ այդ կեանքը՝ ճանապարհորդութիւն մը, որով կը պատրաստուին յաւիտենականին։ Այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին վստահ են, թէ Քրիստոս կը հետեւի իրենց ամէն քայլափոխին։ Յիրաւի, յուսախափուած, յուսահատութեան մատնուած մարդուն կեանքէն ներս կարեւորութիւն կը զգենու Յարուցեալ Փրկչին ներկայութիւնը։ Եթէ կ՚ուզենք ձերբազատուիլ այդ յուսահատ վիճակէն եւ մեր վրայէն թօթափել անստուգութեան ծանր բեռը, մեզի համար մէկ միջոց կայ. Հրաւիրել Քրիստոսը որպէսզի բնակի մեր մէջ, Իր Խօսքով եւ պատուական Մարմնոյն եւ Արեան հաղորդութեամբ։ Որքան տարօրինակ է աշխարհը։ Քրիստոս տակաւին աշխարհ չեկած, Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ խօսեցեալը Յովսէփ ախոռի մը յարկին տակ ապաստանած էին, «որովհետեւ իջեւանին մէջ իրենց համար տեղ չկար» (Ղուկաս, 2.7)։ Սակայն Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած է, թէ յարուցեալ Քրիստոսը մեզի հետ կþըլլայ մեր տկարութեանց բուժման, մեր հաւատքի ամրապնդման համար։ Գալիլիոյ ծովակի ալեկոծութեան պահուն առաքեալներ ականջալուր եղած էին Քրիստոսի «Ես եմ մի վախնաք» սրտապնդիչ խօսքերուն։ Երէկ, այսօր եւ յաւիտեան նոյն Քրիտսոսը պատրաստ է բնակելու մեր կեանքէն ներս, սեղանակից դառնալու մեզի եւ մխիթարելու Իր տեղին յիշեցումներով, փարատելու մեր տրտմութիւնները, ցաւերը, անբաղձալի երկմտութիւնները, թերահաւատութիւնը, անտարբերութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, շատ անգամ մեր որդեգրած աշխարհասէր կեանքը եւ եսակեդրոն կեանք մը վարելու սխալ սկզբունքը։ Բաւ է, որ հրաւէր ուղղենք Իրեն։ Լսենք Սուրբ Գիրքի բառերուն, որոնցմէ կþարտացոլան հոգեւոր եւ բարոյական զարթօնքի, աշխարհի խաւարէն հեռանալու հրաւէր մը եւ յոյս՝ առ Քրիստոս. «Արթնցիր, դուն որ կը ննջես, եւ կանգնէ մեռելներէն, ու Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփեսացիս 5.14)։

Մեծ Պահոց ապաշխարութեան շրջանին կատարուած Արեւագալի Ժամերգութեանց ընթացքին տեւապէս երգեցինք. «Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք, Քրիստոս. առաջնորդէ մեր հոգիները, որպէսզի երկրէն երկինք ելլեն։ Կեանք մտնելու Դուռը, Յիսուս, մեզ եւս Հօր եւ Հոգիին քով մտցուր, որպէսզի միշտ փառք երգենք»։ Սուրբ Աւետարանի ուսուցումներէն բղխած այս հոգեւոր երգը թող իր կենսունակութիւնը պահէ նաեւ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին եւս եւ իր օրհնութիւնները ալիք ալիք տարածուին նաեւ յետագայ օրերուն։

Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։
Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորուած ապրինք Զատկական ուրախութիւնը, գօտեպնդուինք իրարու եւ զիրար ողջունենք աւանդական աւետիսը տարածելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կÿողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գաղթականաց Օժանդակ Յանձնախումբը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած Հագուստներու եւ Կահոյից Արժեւորման Յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կþողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Սուրբ Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ