ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

Պատրիարքական Աթոռոյ համալիրէն ներս ամանորեան ուրախութիւնը կը սկսի Պատրիարքարանի տօնածառի եւ շքամուտքի զարդարմամբ։ Այնուհետեւ, աւանդական դարձած տեսարանը այս տարի եւս պարզուեցաւ Գումգաբուէ ներս, 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի օր։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ կատարուած Ս. Գրային սերտողութեանց մասնակից խումբ մը տիկիններ, առաւօտեան ժամերուն փութացին Գումգաբու եւ տքնաջան աշխատութեամբ ամանորեան գոյներով զարդարեցին Պատրիարքարանը։

 

Աշխատութեան աւարտին, տիկիններ եւ Պատրիարքարանի անձնակազմը ընդունուեցան, Պատրիարք Սրբազան Հօր կողմէ։ Աւանդական թէյասեղանի շուրջ ներկաներ առիթը ունեցան մտերմօրէն զրուցելու ու մօտակայ Ամանորի սեմին բարեմաղթութիւններ փոխանցելու։ Ներկաներ այս առթիւ, շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնն ու արեւշատութիւն մաղթեցին իրեն։ Շնորհաւորեցին նաեւ ներկայ հոգեւոր հայրերու ստանցնած պատասխանատու պաշտօնները։

2019 YILBASI AGACI

Պատրիարք Հայրը գնահատեց աւանդականի վերածուած աշխատութիւնը եւ սոյն աշխատութեան ձեռնարկած տիկինները։ Իրենց աշխատութեամբ, Պատրիարքական Աթոռէ ներս ամանորի շունջը զգալի դառնալ սկսած էր։ Այս տարուան ամանորը մասնաւորապէս իրեն համար յատկանշական ու անմոռանալի պիտի դառնար, քանի Ինք ժողովուրդի ձայներու մեծամասնութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատասխանատու պաշտօնին ընտրուած էր։ Մաղթեց որ, Ամանորը վերելքի եւ վերակազմակերպման սկիզբը դառնայ եւ համայնքի բոլոր անդամներուն համար օրհնաբեր տարի մը ըլլայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, բարի տարի մաղթեց ներկաներուն ու աղօթեց որ իրենց տուներէն ներս տարածուի Աստուծոյ օրհնութիւնը։