ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Resim 6Պոլսոյ մէջ տարիներ շարունակ գեղեցիկ աւանդութիւն եղած է, Մեծ Պահոց շրջանի Արտաքսման Կիրակիէն սկսեալ, Կիրակնօրեայ Հսկում կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Նման Արեւագալի արարողութիւններուն, այս ժամերգութիւններուն եւս կը հանդիսապետեն Աթոռոյս կողմէ նշանակուած վեղարաւորներ։

Ներկայիս քաղաքիս մէջ շաբաթավերջերը կը շարունակուին Քորոնա համավարակի սահմանափակումները եւ այս պատճառաւ Կիրակնօրեայ Հսկումները կատարել կարելի չըլլար։ Սակայն, Աթոռոյս տնօրինութեամբ, շաբթուան մէջ կը կատարուի Հսկման Արարողութիւնը եւ Պատրիարքական Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube» էջերէն կը սփռուին, հանդերձ քարոզներով։

Հսկման Արորողութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ 7 ժամերգութիւններէն վերջինն է, որ ծանօթ է «Հանգստեան Ժամերգութիւն» անունով։ Վանական աւանդութենէն ծնունդ առած այս արարողութիւնը, լի է սաղմոսներով ու աղօթքներով, որոնք առիթ կ՚ընծայեն որ հաւատացեալներ օրուան տեւողութեան ընթացքին Տիրոջ շնորհած բարիքներուն համար գոհութիւն յայտնեն Աստուծոյ եւ օրհնութեամբ ու խաղաղութեամբ ննջեն։

Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, 18 Փետրուար 2021, Հինգշաբթի երեկոյեան, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին Հսկումը, որուն ներկայ էին Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանաները եւ ժառանգաւոր սաները։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները տեղի ունեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։Resim 5

Արարողութեան տեւողութեան ընթացքին, ներկայ հոգեւոր հայրեր աղօթեցին ողջերու եւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ինչպէս նաեւ ծնկաչոք երգեցին Ս. Աստուածնայ ընծայուած «Անկանիմք» շարականը, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Ընկալ Քաղցրութեամբ» աղերսանքը եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը ու մաղթեցին որ Տէրը ընդունի մերազն ժողովուրդի համար կատարուած աղօթքները։ Արարողութեան աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը մաղթանք վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած ու փառք տուաւ Աստուծոյ Իր պարգեւած շնորհքներուն համար եւ աղօթեց որ Խաղաղութեան Իշխանը ողորմի աշխարհին եւ հաւատացելոց։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։Resim 7

Նորին Ամենապատուութեան նախագահած այս արարողութիւնը, 21 Փետրուար, Կիրակի Երեկոյեան սփռուեցաւ։ Բացի ժամերգութիւններէ, սփռուեցան նաեւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի խօսած քարոզները։ Գերապատիւ Հայր Սուրբն ու Արժանապատիւ Տէր Հայրը, մեկնաբանեցին Պօղոս Առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն հատուածներ եւ անդրադարձան Արտաքսման Կիրակիի խորհուրդին։

Հարկ է նշել թէ՝ բացի Հսկման Արարողութիւններէ, ամէն Կիրակի պիտի ներկայացուին նաեւ Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամներէն շաբթուան խորհուրդին համապատասխան քարոզներ։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/1817687165046293

  • Resim 7
  • Resim 6
  • Resim 5
  • Resim 4
  • Resim 3
  • Resim 2
  • Resim 1
  • resim 8
  • resim 9