ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

186893103_1848773388615869_5261816953250032318_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 12.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, Գէորգ Էօզքարակէօզը, Եսթէր Հապէշը, Սէրտա Պիրկիւլը եւ Պուրակ Քավաֆեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը։

Այցելուները յայտնեցին, որ վարչութեան նորընտիր անդամներու ներկայացուցիչներ փափաքած էին ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Քաղաքավարական այցելութեամբ վարչութեան նոր անդամները իրենք զիրենք ծանօթացնելու եւ իրենց ու միութեան ծրագիրները ներկայացնելու առիթը ունեցան։ Զրոյցի ընթացքին գաղափարի փոխանակումներ եղան Պատրիարքական Աթոռոյ եւ ՀԱՅՃԱՐի փոխ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան մասին։ Իսկ միւս կողմէ, վարչութեան անդամները յայտնեցին թէ ՀԱՅՃԱՐը, որպէս հասարակական կազմակերպութիւն սիրողական ծառայութիւն կը մատուցանէ։

Պատրիարք Հայրը գնահատեց միութեան աշխատութիւնները եւ յայտնեց, թէ միութեան անդամներ սիրողական ծառայութիւն մատուցանելով հանդերձ, իրենց արհեստագիտութիւնը վարպետօրէն կը ներմուծեն իւրաքանչիւր աշխատութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս առիթով յիշեցուց, թէ աշխատութեանց ընթացքին փոթորիկներ կրնան ըլլալ եւ աշխատողներ դժուարութեանց հետ դէմ յանդիման կրնան մնալ, սակայն նպատակասլաց աշխատութիւններ միշտ յաջողութեամբ կը պսակուին։ Ուրախացուցիչ երեւոյթ էր թէ ՀԱՅՃԱՐի պարագային տեսանելի էր նման մերձեցումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հիմնարկի օժանդակութեամբ վերջերս լոյս տեսած «Balyanlar – Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi» հատորին, որուն առաջին օրինակներէն մէկը նուիրուած էր նաեւ մեր Հոգեւոր Պետին։ Նման գիրքի մը պատրաստութիւնը ընդարձակ տարածութիւն գտնել սկսած էր Պալեան ընտանիքով, ճարտարապետութեամբ եւ պատմութեամբ հետաքրքիր շրջանակներէ ներս ու այս մէկը ուրախացուցիչ երեւոյթ կը համարուէր։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն ու անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ։