ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Միջեկեղեցական

190456650_1855926107900597_1734557930091503638_nԿաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոեան իր հոգին աւանդած է Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ 25 Մայիս 2021, Երեքշաբթի միջօրէին։

Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Կաթողիկոս Պատրիարքութեան Կառավարիչ՝ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին ցաւակցագիրեր ուղարկելով, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւոր դասուն, համայնքային պաշտօնական մարմիններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնեց։

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յայտնեց, թէ Կիրակի առաւօտ, պաշտօն պիտի կատարուի հոգելոյս Հոգեւոր Տիրոջ հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Վախճանեալ Կաթողիկոս Պատրիարքը 2015ին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ.-ի (Թարմունի) վախճանումէն յետոյ, ընտրուած էր Կաթողիկոս Պատրիարքութեան պաշտօնին, վերանուանուելով՝ Գրիգոր Պետրոս Ի.։