ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Surp Pırgiç

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, 20 Հոկտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ Հոգաբարձութեան անդամներու կողմէ եւ առաջանորդուեցաւ Հիւանդանոցի Վարչական Կեդրոնը։

Պատրիարք Հայրը, առաջին հերթին Ազգային Հիւանդանոցի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարչայիններէ։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, օրակարգի եկաւ վերջերս Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան միջեւ ծնունդ առած կալուածական հարցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, լսեց վարչայիններու գաղափարները եւ ապա իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն եւ փափաք յայտնեց որ այս հարցը խաղաղ եւ բարւօք ելքի մը հասնի։ Ի միջի այլոց, Պատրիարք Հայրը Քորոնա Համավարակի շրջանին, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ստանցնած ծառայութեան համար յատուկ գնահատանք յայտնեց։

Հանդիպման աւարտին, հոգաբարձութիւնը ճաշկերոյթով հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն աւարտին Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցին եւ յաջողութիւն մաղթեց հոգաբարձութեան բոլոր անդամներուն իրենց ազգանուէր գործունէութեանց մէջ։