ՊԱՐԹԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

bartevՀամայնքիս ծանօթ երգիչներէն՝ Պարթեւ Կարեան եւ դուստրը՝ Արեւ, 9 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Պարթեւ տեղեկացուց թէ, Շիշլիի Քէնթ սրահին մէջ 20 Հոկտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին համերգով մը պիտի ներկայանար ժողովուրդին։ Ան, տեղեկութիւն տալով համերգի մասին, հրաւիրեց Նորին Սրբազնութիւնը։ Սոյն համերգով, սիրուած երգիչն ու ընկերները երաժշտասէր հասարակութեան պիտի ներկայացնեն ազգային եւ աշուղական երգերէ նմոյշներ։ Համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Ի տարբերութիւն նախորդ համերգներէ, որոշ երգեր առաջին անգամ պիտի լսուին աքուստիք նուագարաններէ։ Ինչպէս նախորդին, այս համերգին եւս խօսնակի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Արեւ Կարեան։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց համերգի համար եւ անդրադարձաւ Պարթեւի նախորդ համերգներուն, որոնք ըստ բաւականի յաջողութեամբ պսակուած էին։ Այս համերգները լաւագոյն առիթները կը դառնային, որպէսզի Հայ չքնաղ երգը լսելի դառնար մերազն ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ծանօթացուէր երաժշտասէր հասարակութեան։ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Արեւ Կարեանը, որ իր հօրը կողքին, պաշտօն կը ստանձնէր նման մշակութային աշխատութեան մը մէջ։ Սրբազան Հայրը կատարելի համերգին համար կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Պարթեւին եւ իր ընկերներուն։