ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

Bakirkoy

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի եւ Խորհուրդի Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի։

Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 29 Նոյեմբեր 2020 Կիրակի՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։ Այցելուներ Պատրիարք Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին։ Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներն ու վարժարանները, Պաքըրգիւղի հայաշատ թաղը եւս Քորոնա Համավարակէն մեծապէս ազդուած էր։ Անոնք, այս շրջանին կատարուած գործունէութեանց եւս կանխարգելումներու մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

Պատրիարք Հայրը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս յայտնեց թէ՝ այս շրջանին հոգեւոր եւ կրթական համակարգը մեծապէս ազդուած էր քաղաքիս մէջ եւս։ Յայտնեց թէ՝ այս շրջանին առաւել եւս տոկուն պէտք է ըլլան համայնքի անդամները եւ յատկապէս վարչայինները ուշադիր մտածեն լուծումներ որոնելու համար։ Այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւէր թաղերէ ներս իրականացած զարգացումներուն եւ Պաքըրգիւղը հայաշատ թաղերէն մին ըլլալուն, առաւել եւս աչքի առջեւ էր իր գործունէութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, գնահատեց թաղէ ներս տարուած աշխատութիւնները եւ այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։