ՊԻՒՅԻՒՔՏԵՐԷԻ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

23244174_854884524671432_7426100588736680186_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս.Պէքճեան, 7 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պիւյիւքտերէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մուրատ Սիւմէն։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, վերջին օրերուն տարբեր առիթներով իրազեկ դարձած էր Պիւյիւքտերէի Եկեղեցւոյ եւ Թաղային Խուրհուրդի շուրջ ստեղուած զարգացումներուն եւ այս առթիւ Պատրիարքարան հրաւիրած էր Մուրատ Սիւմէն, որպէսզի լսէ նաեւ իր խօսքը։ Սիւմէն, իրեն հասցէագրուած լուրերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբազնութեան։ Ըստ իրեն, լրատուական միջոցներով իրեն հասցէագրուած խօսքերուն իւրաքանչիւրը անհիմն էին եւ այս ուղղութեամբ ինք պատրաստ էր թէ՛ պատկան մարմիններուն եւ թէ՛ համայնքին, փաստաթուղթերով ներկայացնել իր վստահելիութիւնը։

Սիւմէն կը յայտնէր թէ անհիմն ու կողմնակալ գրութիւններով, իր հասցէին կը տարածուէին բազմաթիւ լուրեր։ Ինք կը դժուարանար այս բոլորին դէմ իր խօսքը լսելի դարձնել։ Այսու Տեղապահ Սրբազան Հօրմէ խնդրեց նաեւ, որպէսզի այս ուղղութեամբ կատարուած հերքումները աւելի տարածուին համայնքէ ներս։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, իր հերթին յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռի պարտականութիւնն է կարգապահութիւնը հաստատել եկեղեցիներու մէջ։ Ինք, փափաքած էր լսել Ատենապետին Խօսքը, ի ներկայութեան Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետին եւ Եկեղեցւոյ Հովեւոր Հովիւին։ Նման լուրերը եթէ նոյնիսկ անհիմն ըլլային, վնաս կը հասցնէին եկեղեցւոյ։ Քանի ներկայիս օրակարգի վրայ էր Պիւյիւքտէրէի լուրերը, այս ուղղութեամբ թաղային խորհուրդը ցոյց պէտք է տայ թէ լուրերը անհիմն են։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ Նկատելով որ այսպիսի հարցեր կ՚առընչուին նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին եւ կրօնական զգացումներուն հետ, այս հարցը Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ օրակարգին պիտի բերուի։ Հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ կազմելի յանձնախումբ մը պիտի քննարկէ կացութիւնը։