ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Samatya Yonetim

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 27 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի պիտի կատարուի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։ Հիւրերը յայտնեցին նաեւ թէ՝ նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները, այս տարուան տօնակատարութիւնները պիտի կատարուիէին առանց սիրոյ սեղանի։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ յայտնեց թէ Սամաթիոյ Ընտանիքի գործունէութեան միշտ մօտէն հետեւած է, քանի ինք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ վարժարանի մէջ պաշտօններ ստանցնած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը, քաջատեղեակ էր նիւթական դժուարութիններուն եւ Քորոնա Համավարակէ յետոյ համայնքային շրջանակներու մէջ եւս տնտեսական նեղութիւնները աւելի զգալի կը դառնային։ Սակայն եւ այնպէս կը գնահատէր Սամաթիոյ Եկեղեցւոյ վարչայիններու գովելի աշխատութիւնները, բան մը որ հաւատքի եւ յոյսի նշանն էր։ Պատրիարք Հայրը, օրհնեց ներկաները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։