ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

sivas

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Հոկտեմբեր 2020, Հինգաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեբաստիոյ Հայերու եւ Համակիրներու Միութեան Ատենապետ՝ Սեպուհ Գոչաքը եւ միութեան անդամներէն՝ Անթօ Քէօսէտաղն ու Երուանդ Տուրմազկիւլէրը։

Հիւրերը Պատրիարք Հայրը շնորհաւորելու եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար եկած էին Պատրիարքարան։ Զրոյցի ընթացքին, անոնք տեղեկութիւն տուին Սեբաստիոյ Հայ Ժողովուրդի մասին եւ յայտնեցին թէ՝ քաղաքի բնակիչները առաջին յարմար առիթով Պատրիարք Հայրը հիւրընկալել կ՚ուզէին։ Այս մէկը մեծապէս պիտի ոգեւորէր տեղւոյն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ պիտի դառնար օրհնութեան առիթ։ Սեբաստիան, գաւառի այն քաղաքներէն մին է, ուր տակաւին հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունի, հանդերձ Հայոց Գերեզմանատունով եւ կը շարունակէ ապրիլ քաղաքին մէջ։ Այս առիթով, Սեբաստիոյ Հայերու եւ Համակիրներու Միութեան գործունէութեանց մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Նորին Ամենապատուութեան։ Իրենց խօսքերուն աւարտին, Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայնեցին, քանի Պատրիարքական Աթոռոյ անմիջական հետաքրքրութեան միշտ արժանի կ՚ըլլար նաեւ Սեբաստիոյ Հայ Ժողովուրդը։

Պատրիարք Հայրը հիւրերը ողջունելէ յետոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ դէպի Գաւարի Հովուուապետական այցելութիւններ ծրագրած ըլլալով հանդերձ, Քորոնա Համավարակը պատճառ դարձած էր որ բազմաթիւ այցելութիւններ յետաձգուին։ Ինք եւս առաջին առիթով Սեբաստիա այցելելու փափաքը յայտնեց ներկաներուն։ Այս առիթով հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Սեբաստիոյ եւ քաղաքի հայութեան մասին տրուած տեղեկութեանց։ Անգամ մը եւս շեշտեց թէ՝ Պոլիսէն հեռաւոր ըլլալով հանդերձ, գաւարի մերազն ժողովուրդը չէ մոռցուած եւ Պատրիարքական Աթոռը միշտ պատրաստ է իրենց հոգեւոր կարիքներուն պատասխանելու։ Պատրիարք Հայրը, այցելուներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց գործոց բարեաց յաջողութիւն, իրենց ազգանուէր գործունէութեանց մէջ։