Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

diyarbakir 5diyarbakır (1)Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարը այս տարի Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ եւս տօնուեցաւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, 19 Ապրիլ 2014, Աւագ Շաբաթ, օդային ճամբով Տիգրանակերտ ժամանեց ընկերակցութեամբ Բրշ. Քրիստոֆըր Սրկ. Շէքէլեանի, Բրշ. Արման Սրկ. Պուլտուքեանի եւ Բրկ. Գրիգոր Ուր. Դպ. Սամուէլեանի։

Անոնք, Տիգրանակերտի մէջ դիմաւորուեցան տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամներու կողմէ եւ ուղղուեցան Ս. Կիրակոս Եկեղեցի, կատարելու համար նախապատրաստական աշխատանքները։ Բծախնդրօրէն կատարուած աշխատանքներու աւարտին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Ս. Զատկի նախատօնակ, որուն ընթացքին ներկաներ զիրար կ՚ողջունէին ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յարութեան Տաղաւարի արարողութիւնները տեղի ունեցան, 20 Ապրիլ 2014։ Ժամերգութիւնները սկսան ժամը 8.00-ին, իսկ 10.30-ին մատուցուեցաւ Տաղաւարի Ս. Պատարագը։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Քրիստոֆըր Սրկ. Շէքէլեան եւ Բրկ. Գրիգոր Ուր. Դպ. Սամուէլեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցան առաջնորդութեամբ Բրշ. Արման Սրկ. Պուլտուքեանի։ Մօտաւորապէս 35 տարիներ յետոյ կատարուած Ս. Զատկի արարողութեանց մասնակցելու համար Ստանպուլէն, Ատըյամանէն, Էլազըղէն, Մարտինէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ ԱՄՆ-էն բազմաթիւ ուխտաւորներ փութացած էին Ս. Կիրակոս Եկեղեցի։

diyarbakir 4Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, պատարագիչ Տ. Գէորգ Աւ. Քահանան ընթերցեց Պատր. Ընդ. Փոխանորդ Ս. Հօր Ս. Զատկի Պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Տիգրանակերտի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակը ներկաներուն բաժնուեցաւ Ս. Զատկի աւանդական կարմիր հաւկիթը եւ չէօրէքը։ Նոյն օրը, ժամը 14.00-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Մկրտութեան արարողութիւն մը։

Արարողութեանց աւարտին Արժ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, անգամ մը եւս շնորհաւորեց տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամներու Ս. Յարութեան Տաղաւարը եւ մաղթեց որ ան օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ անդամներուն եւ թէ՛ Տիգրանակերտի քաղաքացիներուն համար։

Տ. Գէորգ Աւ. Քահանան եւ ընկերակիցները, նոյն երեկոյ օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։