Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական

kayseri surp takavor 2Անցեալ շաբաթավերջին, հոգեւոր հանդիսութիւններ կատարուեցան մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պատուական նշխարաց գիւտի տօնին եւ Կեսարիոյ համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի օրհնութեամբ, այս տարուան արարողութիւններուն մասնակցեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս երգչախումբի անդամները։ Դպրաց Դաս Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդը, երգչախումբի հիմնարկութեան 75-ամեակի սեմին արդէն իսկ գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր այս հանգրուանը նշել ուխտագնացութեամբ մը, դէպի Կեսարիա։ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւս գնահատելով դպրաց դասու մշակած այս եկեղեցաշէն ծրագիրը, խոստացած էր իր նիւթական աջակցութեամբ  քաջալերել խումբը։

Ըստ ճշդուած ժամանակացոյցի, Դպրաց դասու անդամները եւ ոմանց ընտանեկան պարագաները 4 Յուլիս 2014, Ուրբաթ, ժամը 21.30-ին հանրաշարժով ճամբայ ելան դէպի Կապադովկիա, առաջնորդութեամբ Դպրաց Դասու Նախագահ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանի։  Նախ քան մեկնումը Տէր Հօր հրաւէրով, խումբը արտասանեց Տէրունական Աղօթքը։ Տէր Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց մասնակիցներուն ներկայութեան համար եւ մաղթեց, որ այս ուխտագնացութիւնը թէ եկեղեցին պայծառացնէ եւ թէ առիթ ընծայէ վերյիշելու մեր մկրտութեան ուխտը։

Խումբը Շաբաթ առաւօտ ժամը 10.00-ին հասաւ Կապադովկիա, Իւրկիւպ եւ ուղեցոյցի առաջնորդութեամբ այցելեցին Կապադովկիոյ տեսարժան բնապատմական վայրերը, ինչպէս նաեւ վաղ Քրիստոնէական շրջաններուն ճգնաւորներու ճգնած քարայրները։ Կէսօրուան ճաշի առթիւ անդամները համախմբուեցան Իւրկիւպի մէջ եւ սեղանի վրայ խումբին վարիչը Սեւան Շէնճան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակիցներուն, թաղային խորհուրդին եւ տնօրէն խորհուրդին։ Ճաշի աւարտին մերձաւոր այլ բնապատմական վայրերու այցելութենէն յետոյ, խումբը հասաւ Կեսարիա հիւրանոց։

Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան, իր հետ ունենալով անդամներէն ոմանք, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին որ քաղաքի մէջ պաշտամունքի բաց միակ եկեղեցին է։ Կատարուած պատրաստական աշխատանքներու աւարտին կատարուեցաւ երեկոյեան կիրակամտի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատրուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան աղօթք։

Հիւրանոցի մէջ ժամը 20.30-ին  սարքուած ճաշասեղանէն յետոյ Նախագահ  Հայրը, Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Դպրապետ՝ Բրկ. Ուրարակիր Զարեհ Դպ. Ազարեան եւ Բրկ. Արեգ Դպիր Թաշճեան եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին հսկման հանգստեան ժամերգութիւն։ Մոմի պլպլացող լոյսով Կեսարիոյ այս պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հնչեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքները։ Ի ժամ Տէր Ողորմեայի աղօթք առաքուեցաւ առ Աստուած վասն խաղաղութեան աշխարհի, եկեղեցւոյ հաստատութեան, Մայր Աթոռի պայծառութեան եւ հաւատացելոց հոգեւոր շինութեան համար։ Խնդրուեցաւ Կապադովկեան Սուրբ Հայրապետներու եւ մեր հաւատքի Հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնները։

Յաջորդ առաւօտ ժամերգութիւնը սկսաւ ժամը 8.30-ին։ Մինչ ուխտաւորներ տակաւ առ տակաւ կը հասնէին եկեղեցի։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Սեբաստիոյ մեր ժողովուրդէն 30 հոգինոց խումբ մը, որոնք հանրաշարժով կանուխ ժամերէն սկսեալ ճամբայ ելած էին հասնելու համար Ս. Պատարագի մատուցման։ Արարողութեան մասնակցելու համար Կեսարիա եկած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Իսթանպուլէն այլ ուխտաւորներ։

Ժամը 11.00-ին սկսաւ Ս. Պատարագը։ Թափօրը Եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջով եւ երգչախումբի Խորհուրդ Խորին շարականի երգակցութեամբ խորհրդարանէն մուտք գործեց եկեղեցի։ Ս. Պատարագը մատոյց Նախագահ Հայրը, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ, Ուրարակիր Զարեհ Դպիր Ազարեան, Բրկ. Արեգ Դպիր Թաշճեան, Բրկ. Արի Դպիր Էօզտէր, Արեգ Պէրպէրօղլու, Սեբաստիոյ մեր ժողովուրդէն երեք երիտասարդներ՝ Յակոբ Տուրմազկիւլէր,Արի Մըղտղսը եւ Արտա Թօկաչ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ս, Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի երկսեռ անդամները, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Ի ժամ Ս.Պատարագի պատարագիչ Տէր Հայրը հանգստեան աղօթքով յիշատակեց ի Ծամնդաւ գահակալած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Կեսարիոյ երբեմնի Արքեպիսկոպոսական Վիճակի վախճանեալ առաջնորդները, Էֆքէրէի Ս. Կարապետ. Թոմարզայի Ս. Աստուածածին եւ Կեսարիոյ Ս. Դանիէլ Վանքերու վանահայրներն ու միաբանները եւ վերջին շրջաններու առաջնորդական փոխանորդներն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը պատարագիչ Տէր Հայրը խրատական խօսեցաւ «Վարդապետ, կþուզենք որ հրաշք մը գործես» բնաբանով։ Տէր Հայրը, յիշեցուց թէ Փարիսեցիներ եւ դպիրներ Քրիստոսի կը մօտենային զԱյն նեղելու եւ յաչս ժողովուրդին նկուն դիրքի մատնելու նպատակաւ։ Քրիստոս անոնց անհաւատութիւնը ցաղկելու համար օրինակ տուած էր Յովնան Մարգարէի ապաշխարութեան հրաւէրին ընդառաջած Նինուէի ժողովուրդը եւ Սողոմոն Իմաստունին այցելած Հարաւի Թագուհին։ Այդ երկու օրինակները յիշեցնելէ յետոյ կþընդգծէր, թէ ինքը Յովնան Մարգարէէն եւ Սողոմոնէն ալ աւելի մեծ մէկն էր։ Սակայն հակառակ այս իրողութեան փարիսեցիներ կը յամառէին չընդունիլ զԻնքը եւ Իր քարոզած Կեանքի Խօսքը։ Ապա Տէր Հայրը յիշեցուց, թէ Աստուծոյ տաճար դառնալու սահմանուած մեր մարմինները պէտք էր լեցուէին Աստուծոյ խօսքով որպէսզի հեռու մնայինք սատանայի որոգայթներէն։ Քրիստոսի պէտք չէ մօտենալ թերամտութեամբ, թերահաւատութեամբ, կասկածամտութեամբ, մանաւանդ՝ զԱստուած փորձելու նպատակաւ։ Ընդհակառակը, պէտք է մօտենալ Աստուածային շնորհներով առատանալու ակնկալութեամբ։ Օրինակ տուաւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարքը, որ իր հաւատքի լոյսով լուսաւորեց Խոր Վիրապի խաւարը, իր հաւատքի արտասուքով ոռոգեց չորցած հողը եւ արժանացաւ մեր ժողովուրդը ապաշխարութեան հրաւիրելու պատիւին։ Թելադրեց հաւատարիմ մնալ հոգեւոր արժէքներուն եւ անոնցմով առատանալ վասն հոգեւոր շինութեան։

Ս. Պատարագի մասնակիցներ եւ երգչախումբի անդամներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն վախճանեալ հոգեւորականներու եւ Ս. Պատարագի մասնակից ժողովուրդին ի Քրիստոս ննջած սիրելիներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Հոգեհանգստեան Պաշտօնի աւարտին «Յարեաւ Քրիստոս» հոգեզուարճ շարականի երգեցողութեամբ եւ զանգակի ղօղանչմամբ թափօրը շարժեցաւ դէպի եկեղեցւոյ փակը ուր կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ պատարագիչ Տէր Հօր արտասանած «Պահպանիչ»ով։

kayseri surp takavor kayseri 3

Ներկայ ուխտաւոր ժողովուրդը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մասնակից դարձաւ Եկեղեցւոյ ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Զատիկ Թօքէրի կարգադրութեամբ սարքուած ընդունելութեան։

Սեբաստահայ ուխտաւորներ, իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնները յայտնեցին Տէր Հօր եւ երգչախումբի անդամներուն եւ մեկնեցան իրենց քաղաքը։

Կեսարիաբնակ Սարգիս Թէքեան ուխտաւորներու խումբը  հրաւիրեց Թալաս, իր բնակարանը։ Ուխտաւորներ առիթը ունեցան շրջելու վերին Թալասի փողոցները եւ հետաքրքրութեամբ ունկնդեցին Սարգիս Թէքեանի բացատրութիւնները։

Ուխտաւորաց խումբը Թալասէն մեկնեցաւ ժամը 17.30-ին։ Հանրաշարժին մէջ Բրշ. Արթուն Սարկաւագ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, իրենց բծախնդիր եւ անթերի ծառայութեան համար։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց թաղային խորհուրդին եւ տնօրէն խորհուրդին ու մասնակից երգի ընկերներուն։  Խումը առաւօտեան ժամը 05.00-ին հասաւ Գատըգիւղ։