Ս. ՍԱՀԱԿ – ՄԵՍՐՈՊ ԴԱՍՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 101-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՈՒ ԴՊՐԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

gisasargavak 2gisasargavakԵշիլգիւղի Ս. Սահակ – Մեսրոպ Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 101րդ, տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ 25 Մայիս 2014, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Սահակ – Մեսրսպ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, կիսասարկաւագական ու դպրական աստիճաններու տուուչութիւնը կատարեց, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։

Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Ս. Սահակ – Մեսրոպ Դպրաց Դասու անդամներ՝ Բրկ. Ուրարակիր Դպիրներ Սեւան Քըրան, Սեւան Արապեան եւ Աթէշ Մազման։ Իսկ դպրութեան չորս աստիճաններ ստացան՝ Գողթան Դպրաց Դասու անդամ՝ Կարապետ Կիւկիւշ, Ս. Սահակ – Մեսրոպ Դպրաց Դասու անդամ՝ Միքայէլ Աբրահամեան, Ս. Թադէոս – Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ դպիր՝ Սեւան Իչ եւ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամ՝ Շանթ Չէվիք։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Ս. Սահակ- Մեսրոպ Դպրաց Դասու հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն եւ դպիրներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

gsargavak

tbir