ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

121588558_1663023863857490_8164895331354072743_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Հոկտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 25 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի պիտի կատարուի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ վարժարանի հետ առընչուած հարցերու մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ Ֆէրիգիւղը հայաշատ թաղերէն մին ըլլալուն, յատուկ հետաքրքրութեան արժանի էր։ Վարժարանի տնտեսական նեղութիւնը, արդէն իսկ ծանօթ էր համայնքին եւ Քորոնա համավարակի շրջանը առաւել եւս մեծ դժուարութիւններու դուռ բացած էր։ Սակայն, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց թէ՝ այս դժուարին օրերուն եւս, միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուէին բազում նեղութիւններ։ Այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։