Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցի, Գանտիլլի

Հասցէ
(Kurtbağrı Sok. No: 17, 34684 Kandilli)

Հայեր Գանտիլլի հաստատուած են 18րդ դարու վերջերէն սկսեալ։ Անոնք ունեցած են վրանաբնակ սեղան մը, առանց կայուն շէնքի։ Երկու յիշատակարաններ կը վկայեն, թէ 1841ին ունեցած են աղօթատեղի մը։

Ներկայ եկեղեցին կառուցուած է 1846ին, Պօղոս Ամիրա Աշնանեանի նախաձեռնութեամբ։ Մատթէոս Պատրիարք Չուխաճեանի շրջանին պաշտամունքի բացուած եկեղեցին Սոպաճիպաշը Բարսեղ Աղա Ղազարոսեանին ջանքերով 1893ին նորոգուեցաւ։ 1962ին Յովհաննէս եւ Յարութիւն Քիւփէլեան եղբայրներուն բարերարութեամբ նորոգութեան ենթարկուեցաւ, իսկ վերջին նորոգութիւնը կատարուեցաւ 1985ին։ Եկեղեցին փայտաշէն է եւ ունի յատկանշական զանգակատուն մը։ Մկրտարանի պատերը զարդարուած են երբներանգ յախճապակիներով։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2012 թուականին, օծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած, ձեռամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։

Քարտէս